ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍԷ ՊԱՔՈՒԻ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Մոսկուա այցելութեան ընթացքին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկեց Հարաւային Կովկասի իրավիճակը։ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, նախարարներու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ֆիտան նշեց, որ Թուրքիա կ՚աջակցի՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն։ Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Մոսկուան ու Անգարան հետաքրքրուած են Հարաւային Կովկասի խաղաղութեամբ եւ անոր կանխատեսելի դառնալով։ Ան համոզուած է, թէ այս նպատակին կարելի է հասնիլ՝ «3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի շրջանակներէն ներս համատեղ ջանքերով։

Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Մոսկուայի ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին Արցախէ տեղահանուածներու մարդասիրական աջակցութեան հարցերը։

Թրքական աղբիւրներու Ֆիտան-Լաւրով հանդիպման վերաբերեալ հաղորդումներուն մէջ առաջնահերթ շեշտադրումը կը վերաբերի Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան։ Լաւրով նշած է, որ Ռուսաստան երախտապարտ է՝ Թուրքիոյ կողմէ բանակցութիւններու եւ տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով ցուցաբերուած յարատեւ ցանկութեան համար։ Ան յոյս յայտնեց, թէ բանակցութիւնները շուտով կը վերածուին հրադադարի մը ու մշտական խաղաղութեան։

Հաքան Ֆիտան Մոսկուայի մէջ առանձնապէս ընդգծած է նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ Սեւ ծովէ ներս նաւարկութիւններու անվտանգութեան նկատմամբ։ «Այս նիւթին շուրջ ալ պիտի շարունակենք շփման մէջ մնալ մեր ռուս բարեկամներուն հետ», ըսաւ Ֆիտան։

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Ուքրայնայի հակամարտութեան պարագային Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին կրակի հետ կը խաղայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 28, 2025