ԲԵԿՈՒՄՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԻԾ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ Հայագիտական միջազգային երրորդ քոնկրէսի արձագանգները կը շարունակուին։ Մատենադարանէ ներս կազմակերպուած այս կարեւոր հաւաքին Պոլիսէն մասնակցեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան, որ արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Հայաստանի մէջ կեցութեան օրերուն, անցեալ կիրակի, ան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագի։ 

Հայագիտական միջազգային քոնկրէսի ռազմավարական բարձրակէտը հանդիսացաւ՝ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը։ Գիտական հաւաքի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ՝ այս աւանդական ուժ ստացած կլոր սեղան-քննարկումը, որուն մասնակցեցան Մատենադարանի ղեկավար անձնակազմը եւ հայ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչները։ Այսպէս, կլոր սեղանին շուրջ էին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւններուն, Զմմառի Կաթողիկէ հայոց պատրիարքութեան, Մխիթարեան միաբանութեան ներկայացուցիչները։ Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժնի ղեկավար տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէնի խորհրդական Տիգրան Զարգարեան։ 

Սոյն քննարկումը ընդգրկեց հարցերու լայն շրջանակ մը՝ ձեռագրական հաւաքածոներու պահպանութեան համակարգի արդիականացման, թուայնացման եւ գիտական հետազօտութեան առանցքներուն շուրջ։ Բոլոր կողմերը վերահաստատեցին իրենց անվերապահ պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար արդէն իսկ ձեռնարկուած համատեղ ծրագրերը եւ մշակելու համար ապագայ գործողութիւններու ծրագիրը։ 

Մասնաւորապէս կարեւորուեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան կատարած առաքելութեան արդիւնքը, Զմմառի միաբանութեան նորաստեղծ ենթակառուցուածքներուն ցուցաբերուած փորձագիտական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն տարուած 10-րդ դարու Աւետարանի վերականգնումը։ 

Մատենադարանի տնօրէնութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրուեցաւ Անթիլիաս եւ Զմմառ։ Քննարկման մասնակիցները ընդգծեցին Հայագիտական միջազգային երրորդ քոնկրէսի բացառիկ դերը՝ որպէս առկայ խնդիրներու համատեղ վերլուծման եւ համագործակցութեան հաստատութենականացման հարթակ։ 

Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ երկօրեայ պայմանագիրը՝ Մատենադարանի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի միջեւ: Այս փաստաթուղթը կը նախատեսէ համահաւաք ձեռագրացուցակի ստեղծման աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովումը։ Պայմանագիրը ստորագրեցին Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան եւ Ռազմիկ Փանոսեան։ Սոյն նախաձեռնութեամբ կը նախատեսուի միասնական շտեմարանի մէջ ներկայացնել՝ Մատենադարանի եւ աշխարհի զանազան ձեռագրական կեդրոններու, գրադարաններու եւ թանգարաններու հայերէն ձեռագրական հաւաքածոներու եւ միաւորներու գիտական նկարագրութիւնները (ձեռագրաց ցուցակները)։ Այսպէսով, մեծապէս պիտի բարձրանայ աշխարհասփիւռ հայերէն ձեռագրերու տեսանելիութիւնը եւ գիտական շրջանառութիւնը։ Այս նախագիծը բեկումնային է հայ ձեռագրագիտական աւանդութեան ու պատմութեան մէջ եւ կը ստեղծէ լայն ասպարէզ մը ձեռագրերու ուսումնասիրական միջազգային գիտական ներուժի ներգրաւման համար։

Երեքշաբթի, Յուլիս 28, 2026