ՆԱՅԻԼ ԴԷՊԻ ՅԱՌԱՋ

«Մեր ժողովուրդը կը յաղթահարէ Խորհրդային Միութեան նոսթալժին», յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Երէկ, կառավարութեան հերթական նիստէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, մամլոյ սպասաւորներու հետ զրուցելու ժամանակ ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ 2018 թուականէն սկսեալ մինչեւ 2025 թուականը ներառեալ՝ կատարուած հիմնական ներդրումները գերազանցած են Խորհրդային Միութեան ամենաաշխոյժ վերջին շրջանին՝ 1981-1988 թուականներուն երկրէն ներս կատարուած ներդրումները։

«2025 թուականին Հայաստանի մէջ բնակարանաշինութեան ծաւալները գերազանցած են 1986 թուականին Խորհրդային Հայաստանէ ներս կատարուած բնակարանաշինութիւնը, իսկ 1986 թուականը եղած է Խորհրդային Հայաստանէ ներս ամենամեծ ծաւալով բնակարանաշինութեան ժամանակաշրջանը», լրագրողներու նկատառման յանձնեց վարչապետը։ Ասուլիսի ընթացքին ան շարունակեց.

«Թէ ինչո՞ւ ես կարեւոր կը համարեմ այս բանը. անկախութենէն ի վեր, շատ արագ, առաջին զգացական դրսեւորումներէն յետոյ, մեր ժողովուրդը ապրած է Խորհրդային Միութեան վերաբերեալ նոսթալժիի տրամաբանութիւններով։ Սա կապուած է այն բանին հետ, որ մարդիկ տեսած են, թէ ճանապարհները կառուցուելու փոխարէն կը քանդուին, մանկապարտէզները կառուցուելու փոխարէն կը քանդուին, դպրոցները կառուցուելու փոխարէն կը քանդուին։ Եւ այստեղ հարցը միայն թուաբանութեան մէջ չէ։ Ես կը կարծեմ, թէ այսպէսով մեր ժողովուրդը նաեւ կը յաղթահարէ Խորհրդային Միութեան նոսթալժին, որովհետեւ կը հասկնայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ իր պետութիւնը, այլեւս զինքը կը մղէ յառաջ նայելու, ոչ թէ ետ։ Սա շատ կարեւոր արձանագրում մըն է»։

Ուրբաթ, Օգոստոս 28, 2026