ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) արտաքին գործոց պետական նախարար Ահմէտ Սայէղի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները անդրադարձան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը նիւթերու՝ ներառեալ վերականգնուող ուժանիւթի, բարձր թեքնոլոժիներու, հաղորդակցութեան եւ քաղաքաշինութեան ոլորտներէ ներս համատեղ ծրագրերու իրականացումը։ Բարձրաստիճան դիւանագէտները շօշափեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակի բարձրացման կարելիութիւնները։
Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցաւ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներէն ներս կազմակերպուած միջազգային բազմաբնոյթ հաւաքոյթներուն փոխադարձ մասնակցութիւնը։
Վահան Կոստանեան եւ Ահմէտ Սայէղ կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն շուրջ։