ԹԻՐԱԽԱՅԻՆ ՋԱՆՔԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Ռիատի մէջ հիւրընկալուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սուուտի կողմէ։ Ան այս առթիւ բացատրեց Թուրքիոյ մօտեցումները՝ Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու բաւ համարման, ինչպէս նաեւ Կազզէի մէջ մշտական հրադադարի հաստատման շուրջ։ Ռիատի պաշտօնական աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ նախարարները կանգ առած են երկկողմանի յարաբերութիւններու վրայ՝ մասնաւորապէս քննարկելով կարգ մը բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան զարգացման խնդիրները։
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Միւս կողմէ, դէպի Ռիատ ուղեւորութենէ վերադարձին, Հաքան Ֆիտան այսօր Անգարայի մէջ կը հիւրընկալէ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Էօզպեքիստան եռակողմանի ձեւաչափով արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ հաղորդակցութեան նախարարներու հանդիպումը։ Սա այս ձեւաչափով երկրորդ ժողովն է, որու ընթացքին կը քննարկուին արտաքին քաղաքական հարցեր, տարածաշրջանային համագործակցութեան, առեւտուրի, տնտեսութեան եւ ներդրումներու բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման, տարածաշրջանային երթուղիներու ցանցերու զարգացման, ինչպէս նաեւ փոխադրութիւններու եւ հաղորդակցութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան թափ տալու վերաբերեալ նիւթեր։
Նախարարներու այսօրուան բանակցութիւններու աւարտին կը նախատեսուի Անգարայի զեկոյցի ստորագրումը, որուն ածանցուած կ՚ըլլայ գործադրութեան ծրագիր մը։ Ապագային այս երեք երկիրները կ՚որոշեն իրենց յստակ ճանապարհային քարտէսը։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ
Միւս կողմէ, Անգարայի ժողովին ընդառաջ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ մէկտեղուեցաւ հաղորդակցութեան ոլորտի պատասխանատու նախարարներու եւ իրաւասուներու հետ։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը նոյնիսկ երկու լումայ չ՚արժեր առանց Ատրպէյճանի։
Թրքական մամուլին մէջ ալ արձագանգ գտած են Ալիեւի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ Զանգեզուրի շրջանը 1920 թուականին Խորհրդային Միութեան կողմէ Ատրպէյճանէն առնուելով Հայաստանին տրուած է։ Ան շարունակեց.
«Մենք Զանգեզուրը չենք մոռցած ու պիտի չմոռնանք։ Սակայն, այսօր Հայաստանէն որեւէ տարածքային պահանջք չունինք։ Յամենայնդէպս, Հայաստան պէտք է իր պարտաւորութիւնները կատարէ եւ առանց խոչընդոտի անցք ապահովէ Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան։ Հայաստան չորս տարիէ ի վեր շինիչ ընթացքի մը չի հետեւիր Զանգեզուրի միջանցքի պարագային, որ Ատրպէյճանի արեւմուտքը պիտի կապէ Նախիջեւանի հետ»։