ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ, ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ԿԱՐՍ-ԿԻՒՄՐԻ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄՆ ՈՒ ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՈՒՄԸ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ, երէկ, երկու երկիրներու միջեւ տեղի ունեցան բանակցութիւններ՝ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերականգնման ու գործարկման նպատակով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այս քննարկումները տեղի ունեցան՝ համատեղ աշխատանքային խումբի հանդիպման ձեւաչափով։ Բանակցութիւնները տեղի ունեցան Կարսի մէջ։ Տարածաշրջանային փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ընդլայնման համատեսքին մէջ կողմերը քննարկեցին Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի շուտափոյթ գործարկման կարեւորութիւնը։
Թրքական եւ հայկական կողմերը գրեթէ նոյնաբովանդակ մամլոյ հաղորդագրութիւնով մը արձագանգ հանդիսացան աշխատանքային խումբի քննարկումներուն։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ ողջունեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ծաւալուած քննարկումները՝ Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերագործարկման հեռանկարով։