ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ ՓՈՐՁԻ ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ԱՄՆ
Հայաստանի ինն թանգարանի տնօրէն մայիս 27-յունիս 7 թուականներու միջեւ կը մասնակցի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած «Միջազգային այցելու» ծրագրին՝ «Մշակութային կազմակերպութիւններու միջեւ կառավարման գերազանցութեան խթանումը» խորագրով։ Այս նախաձեռնութիւնը հնարաւոր դարձած է Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութեան եւ Մշակոյթի զարգացման հիմնադրամի համագործակցութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այցի շրջանակներէն ներս կը նախատեսուին շարք մը հանդիպումներ՝ ԱՄՆ-ի Ուաշինկթըն, Ֆիլատելֆիա (Փենսիլվանիա), Թուլսա (Օքլահոմա) քաղաքներու մշակութային հաստատութիւններու, թանգարաններու, ինչպէս նաեւ պետական կառոյցներու մէջ։ Ծրագրի նպատակն է հնարաւորութիւն ընձեռել հայ մասնակիցներուն՝ փոխանակելու փորձը եւ ձեւաւորելու երկկողմանի ու բազմակողմանի կապեր՝ ապագայ համագործակցութիւններու, նախագծերու եւ փորձի փոխանակման նպատակով։
Ծրագրին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն մեկնեցած են՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, «Սերկէյ Փարաջանով» թանգարանի, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի, Խաչատուր Աբովեանի տուն-թանգարանի, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր պատմութեան թանգարանի, Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանի տնօրէնները, Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան փոխ-տնօրէնը։
Ծրագիրը նախաձեռնած եւ համակարգած է Մշակոյթի զարգացման հիմնադրամը։ «Այս ծրագիրը բացառիկ հնարաւորութիւն է Հայաստանի թանգարաններու ղեկավարներու համար՝ ծանօթանալու մշակութային կառավարման ժամանակակից մեթոտներուն, ընդլայնելու համագործակցութեան շրջանակները եւ ներկայացնելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ։ Մենք ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի նմանատիպ ծրագրերը ըլլան արդիւնաւէտ ու շարունակական», ըսած է հիմնադրամի արտաքին կապերու ղեկավար Հայկ Մկրտչեան։