ՖԻՏԱՆ ՔԻԵՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Քիեւ, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։ Ծանօթ է, որ նախարարը վերջին օրերուն այցելեց Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Թուրքիա կը շարունակէ յամառ միջնորդական ջանքեր գործադրել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան մթնոլորտին մէջ հիւրընկալելու համար հերթական բանակցութիւնները։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուց, որ հաշտութեան բանակցութիւններու համար պատրաստակամ են Իսթանպուլի մէջ նոր ժամադրութեան մը։ «Մենք պատրաստած ենք նոր առաջարկ մը եւ այդ մէկը յունիսի 2-ին Իսթանպուլի մէջ կրնայ ներկայացուիլ մեր պատուիրակութեան կողմէ», ըսաւ Լաւրով, որ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։

Ֆիտանի Քիեւ այցելութեան ընդառաջ, Վոլոտիմիր Զելենսքի այցելեց Պերլին, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի կողմէ։ Ան նշեց, որ պատրաստ են բոլոր ձեւաչափերով բանակցութիւններու։ Դէպի Ուքրայնա ուղեւորութեան ընդառաջ Հաքան Ֆիտան նշեց, որ պատերազմի հետեւանքները հետզհետէ կը ծանրանան։

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ երէկ յայտնեց, որ քանի մը շաբթուան ընթացքին պիտի կարողանայ ըսել, թէ Փութին խաղաղութիւն կ՚ուզէ՞ կամ ոչ։

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025