Կիրակի 1, Յունիս 2025
ՄԻՇՏ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսօ յայտարարեց, որ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին շուրջ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, ԹԱՍՍ գործակալութիւնը արձագանգ հանդիսացած է ռուս նախարարի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց, Մոսկուա շահագրգռուած է Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումով։ Անտրէյ Պելոուսոյի խօսքով՝ Ռուսաստան պատրաստ է ամէն ինչ ընելու, որպէսզի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։
Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025