ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

Ատրպէյճանի բանակը այս կէսգիշերին հերթական անգամ թիրախաւորեց Հայաստանի Սիւնիքի մարզը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կրակ բացին Խոզնաւարի վրայ, ուր վնասուեցաւ բնակարան մը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ տուժածներ չեն եղած։ Կրակոցները տեւած են շուրջ 15 վայրկեան։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած նախընթացին՝ նախարարութիւնը կող ուղղեց, որպէսզի Ատրպէյճան հետաքննէ դէպքը եւ տայ հրապարակային պարզաբանում։

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025