ԵՂԲԱՅՐԱՑ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Թուրքիա-Ատրպէյճան-Փաքիստան առանցքին վրայ համագործակցութիւնը կը խորանայ կայուն թափով։ Երէկ, Լաչինի նորակառոյց օդակայանի պաշտօնական բացման արարողութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի Անգարա-Պաքու-Իսլամապատ եռակողմանի համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ քաղաքական կամքը վերահաստատուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ատրպէյճանի Անկախութեան օրուան զուգադիպած հանդիսաւոր հաւաքոյթին ժամանակ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա այս եռակողմանի զօրակցութիւնը անհրաժեշտութիւն կը համարէ։ Իր խօսքով՝ արտաքին գործոց նախարարները պիտի աշխատին, որպէսզի այս եռակողմանի դրութիւնը հաստատութենական բնոյթ մը ստանայ։ «Եռակողմանի մեր համագործակցութիւնը շատ աւելի յառաջ պիտի տանինք», ըսաւ ան։

Մինչ Էրտողան երէկ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆի հետ տեսակցեցաւ, տեղական մամուլը այս ժամադրութիւնը կ՚որակէ՝ որպէս եղբայրներու գագաթաժողով։ Ծանօթ է, որ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին այս երեք երկիրները գործնականօրէն դաշինք կազմած էին Հայաստանի դէմ։

Էրտողան երէկուան հանդիսութեան ընթացքին նշեց, որ Ղարաբաղի համար այլեւս եկած է ժամանակը՝ խաղաղութեան ու զարգացման պատմութիւնը գրելու։ Ալիեւն ալ նշեց, որ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային մակարդակով ռազմավարական դերակատարութիւն մը ստանձնած են։ Շնորհիւ անոնց համագործակութեան ո՛չ միայն տարածաշրջանի, այլեւ շատ աւելի լայն աշխարհագրութեան մը ուժանիւթի քարտէսը փոխուած է։

Հինգշաբթի, Մայիս 29, 2025