ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Ուքրայնայի պատերազմը այնպիսի իրադրութիւն մը ստեղծած է, որ գործնականօրէն գոյութիւն ունենալէ կը դադրի հաւաքական արեւմուտքը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի միջեւ հետզհետէ կը խորանայ անջրպետը, որու վառ արտայայտութիւններու շարքին են՝ եւրոպացի ղեկավարներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած անվտանգութեան օրակարգով թէժ հաւաքները։ Թէեւ դժուար է կանխատեսել իրադարձութիւններու շարունակութիւնը, սակայն, այս փուլին նոյնիսկ Անգլիան ԱՄՆ-էն յարաբերաբար հեռացած եւ աւելի Եւրոպայի մօտեցած ըլլալ կը թուի՝ հակառակ մօտաւոր անցեալի BREXIT-ին։

Երէկ, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ անվտանգութեան գագաթաժողով մը, որու նմանը շաբաթ մը առաջ Փարիզի մէջ կազմակերպուած էր։ Փարիզի գագաթաժողովէն վերջ իրերայաջորդ Ուաշինկթըն այցելեցին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր եւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, որոնք Սպիտակ տան մէջ հանդիպումներ ունեցան ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Իսկ երէկ, Լոնտոնի գագաթաժողովին զուգահեռ՝ Զելենսքի ընդունուեցաւ նաեւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին կողմէ։ Եւրոպայի երկիրներու առաջնորդները, Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը եւ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից այլ երկիրներու ղեկավարները համախմբեց երէկուան գագաթաժողովը, որու ընթացքին Թուրքիան ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։

Եւրոպացի ղեկավարները վերջին օրերուն արմատական յաճախակի պատգամներով հանդէս գալ սկսած են՝ ԱՄՆ-էն կախուածութեան դադրեցման անհրաժեշտութեան ուղղութեամբ։ Անոնք կը խօսին ցամաքամասը զինելու հրամայականին շուրջ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ արդէն շրջանառութեան դրուած է՝ պարտադիր զինուորական ծառայութեան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, երբ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի միջեւ Ուքրայնայի պատերազմին շուրջ տարակարծութիւններ ծագած են, Լոնտոնի գագաթաժողովին ժամանակ ի յայտ եկաւ համախոհութիւն մը ձեւաւորելու եւ ի պահանջել հարկին դէպի Ուքրայնա զօրք ուղարկելու գաղափարը։

Երբ ԱՄՆ սկսած է Եւրոպան անտեսելով ուղղակի Ռուսաստանի հետ աշխատիլ Ուքրայնայի պատերազմի կարգաւորման հեռանկարով, Քիեւի ղեկավարութիւնն ալ կու տայ համապատասխան պատգամներ։ Միջազգային լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն ԱՄՆ-ի բազմաթիւ մեծ քաղաքներուն մէջ Թրամփի քաղաքականութեան դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը։

Թէեւ Զելենսքի կրկնեց պատրաստակամութիւնը ԱՄՆ-ի հետ օգտակար հանածոներու շուրջ համաձայնագիրը ստորագրելու համար, սակայն, սա այս փուլին կրնայ մեծ բան մը չփոխել։ Ներկայիս Մաքրոն եւ Սթարմըր կը ջանան ապահովել Ուաշինկթըն-Քիեւ երկխօսութեան վերսկսումը։ Անոնք եւրոպացի ղեկավարներուն հետ աշխատանք կը տանին Ուքրայնայէ ներս հրադադարի ծրագրի մը հասունացման վրայ։ Փարիզի եւ Լոնտոնի առաջարկներու շարքին էր Ուքրայնայէ ներս մէկ տարուան դիտարկման առաքելութեան մը հաստատումը։ Եւրոպացի ղեկավարները կը ջանան յստակացնել, թէ անվտանգութեան ինչ երաշխիքներ կրնան առաջարկել Ուքրայնային։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Լոնտոնի գագաթաժողովին։ «ԱՄՆ կը ձգտի խաղաղութեան, իսկ Եւրոպա կ՚ուզէ պատերազմի շարունակուիլը», ըսաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025