ՔԱՈՍԸ ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ

Սուրիոյ մէջ նոր շրջանի ներքին կայունութեան ամրապնդումը առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ՝ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգին վրայ։ Անգարան ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Արդարեւ, Սուրիոյ զարգացումները ձեւով մը ուղիղ համեմատութեան մէջ մտած են՝ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» նպատակին հետ։ Յամենայնդէպս, Սուրիոյ ներքին կայունութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը վերիվայրումներ կ՚արձանագրեն՝ Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ՓՔՔ ահաբեկչութեան կազմակերպութեան շառաւիղը համարուող՝ ԵՓԿ-ի յարաբերութիւններու տատանումներուն պատճառով։

Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ԵՓԿ-ի միջեւ համարկման ուղղեալ քննարկումներու վերաբերեալ կը հասնին տարաբնոյթ լուրեր եւ շրջանառութեան մէջ կը մտնեն զանազան պնդումներ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ կողմերու միջեւ վերսկսած են նաեւ բարձր մակարդակի պատուիրակութիւններու շփումները։ Միջոց մը առաջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու շրջանակները պնդած էին, որ բանակցային գործընթացը խցանումի մատնուած է։

Այս բոլորով հանդերձ վերջին օրերուն հանդիպում մը տեղի ունեցած է Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանիի գլխաւորած Դամասկոսի իրաւասուներուն եւ երկրի հիւսիս-արեւելքի՝ իբր թէ ինքնավարութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Իլհամ Ահմէտի գլխաւորած պատուիրակութեան միջեւ։ Ներկայիս Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը պահանջեն մասնակի ինքնավարութիւն, իսկ Դամասկոսի ղեկավարութեան ակնկալութիւնն է ամբողջական համարկումը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ներկայիս աշխատանք կը տարուի այս երկու մօտեցումները կամրջելու նպատակով։ Այս վերջին ժողովին կողմերը յաջողած են լարուածութենէ հեռանալ եւ դրական մթնոլորտի մը մէջ ծաւալած են քննարկումներ։ Ըստ Շէյպանիի՝ Դամասկոսի ղեկավարութիւնը ընդունելի կը համարէ՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու կողմէ վերահսկուած տարածքներու ներկայացուցիչները երկրի խորհրդարանին մէջ ընդունիլը։ Ան դիտել տուաւ, որ սա կ՚ընկալուի՝ որպէս քաղաքական համարկման ուղղեալ շօշափելի ազդանշան մը։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիա չի հանդուրժեր Սուրիայէ ներս քաոսի մը ստեղծման։ Իր խօսքով՝ Անգարա միշտ Դամասկոսի կողքին է։ Նախագահը դիտել տուաւ, որ Սուրիայէ ներս խռովութիւնը բոլորէն աւելի կ՚անդրադառնայ Թուրքիոյ վրայ։ Հետեւաբար, ո՛չ Անգարա, ո՛չ ալ Դամասկոս կը յօժարին Սուրիայէ ներս խռովութիւններու ստեղծման։ Էրտողանի խօսքով՝ յայտնի է, թէ խօսքը որո՛ւ կը վերաբերի։

Այս ամբողջին մէջ Իսրայէլի դերակատարութեան վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով Էրտողան ըսաւ. «Ով որ գործընթացը կացինահարել կը փորձէ, հաշիւը կը փակէ։ Պիտի շահին անոնք, որոնք իրենց ուղղութիւնը թեքած են դէպի Անգարա եւ Դամասկոս։ Պիտի կորսնցնեն անոնք, որոնք մոլորուելով նոր գործատուներ կը փնտռեն իրենց համար»։

Բաց աստի, ընդգծելով Թուրքիոյ վճռակամութիւնը՝ նախագահը աւելցուց. «Ուր որ ալ ապրին, քիւրտերը մեր եղբայրերն են։ Ոերէ մէկը չի կրնար մեզ տարանջատել։ Ոեւէ մէկը չի կրնար դաւ հիւսել մեր յաւերժական եղբայրութեան դէմ»։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025