ԵՐԵՒԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՃԱՇՈՒԱ ՀԱՔԸ

Երեւան-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բարձր մակարդակի կանոնաւոր շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի փոխ-տեղակալ Ճաշուա Հաքը, որ ընդունուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումերով՝ Միրզոյեան եւ Հաք քննարկեցին Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի հարցերը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին գործընկերութեան կանոնադրութեամբ արձանագրուած՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացման շուրջ, ինչ որ միտուած է յստակ արդիւնքներու ապահովման եւ Հայաստանի դիմակայունութեան ամրապնդման։ Անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճաշուա Հաք գոհունակութեամբ նշեցին փոխադարձ աշխոյժ այցելութիւնները՝ ներառեալ «Երեւանեան երկխօսութիւն» երկրորդ միջազգային ֆորումին ԱՄՆ-էն պաշտօնական ու փորձագիտական շրջանակներու մասնակցութիւնը։

Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։ Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման համար գոյութիւն ունի իսկական հնարաւորութիւն մը եւ այս ճանապարհին Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը կը դառնայ պատմական հանգրուան։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ խաղաղութեան օրակարգի կեանքի կոչման ուղղեալ շարունակական ջանքերու շուրջ։

Արմէն Գրիգորեանն ալ Ճաշուա Հաքի հետ զրուցելու ընթացքին կարեւորեց հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու բազմակողմանի զարգացումը։ Հաքն ալ ընդգծեց, ամերիկեան կողմի պատրաստակամութիւնը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման նպաստելու ուղղութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ կարծիքներ փոխանակուեցան երկկողմանի օրակարգին շուրջ եւ այս ծիրէն ներս մասնաւորապէս կարեւորուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման ուղղեալ համատեղ ջանքերու շարունակականութիւնը։

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին։ Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները՝ ընդգծելով խաղաղութեան պայմանագրի կնքման կարեւորութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 30, 2025