ՄԻՇՏ ԿՐԱԿԻ ՏԱԿ

Ատրպէյճանի բանակը այս կէսգիշերին դարձեալ թիրախաւորեց Հայաստանի Սիւնիքի մարզը։ Նախընթաց օրուան նման՝ յարձակման ենթարկուեցաւ Խոզնաւար բնակավայրը։ Ժամը 00.10-01.00-ին շարունակուեցաւ կրակը, որու հետեւանքով բնակարան մը վնասուեցաւ եւ փոքր եղջիւրաւոր անասուն մը սատկեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս դէպքէն վերջ ալ կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ պահանջելով պարզաբանումներ։

Հարկ է նշել, որ նախընթաց օրուան դէպքէն վերջ Ատրպէյճան հերքած էր պատահածին իր կողմէ կատարուած ըլլալը։

Ուրբաթ, Մայիս 30, 2025