ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ Է»
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա զգուշութեամբ յառաջ կը տանի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆի հետ Լաչինի մէջ մէկտեղուելէ վերջ, Էրտողան վերադարձի ճանապարհին յայտնեց հետեւեալը. «Երբ թէ՛ խաղաղութիւնը եւ թէ կարգաւորումը ձեռք բերուած ըլլան, ապա մենք պիտի տեսնենք, որ մեր երկիրները կը շահին այդ բանէն։ Այսինքն, այս հարցի պարագային նուազագոյն իսկ կասկած չկայ։ Թուրքիան ուրախ է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւնը արդէն հորիզոնին է»։
Նախագահը աւելցուց, որ Անգարա ուշադրութեամբ կը հետեւի այս գործընթացին։ «Մենք նոյնպէս անհրաժեշտ ներդրումը կը կատարենք եւ պատրաստ ենք նոյնը ընել ապագային», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ խաղաղութիւնը արժէքաւոր կ՚ըլլայ Պաքուի, Երեւանի եւ Անգարայի համար։
«Մենք մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայենք, որպէսզի տարիներ շարունակած ցաւերը չկրկնուին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուի կայունութիւն, խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն։ Մենք կ՚ողջունենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առնուած քայլերը։ Խաղաղութեան համաձայնագրի բովանդակութեան համաձայնեցումը կարեւոր զարգացում մը կը համարենք կայունութեան ճանապարհին։ Մեր փափաքն է, որ այս գործընթացը հնարաւորինս արագ հասնի իր աւարտին։ Մենք կը նկատենք, որ պատերազմի մէջ յաղթանակած Ատրպէյճանը ի յայտ կու գայ՝ որպէս տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ճարտարապետը», ըսաւ ան։
Լաչինէ վերադարձի ճանապարհին, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան նաեւ յոյս յայտնեց, թէ Իրան կ՚աջակցի Զանգեզուրի անցուղիի հարցին մէջ։
Լրագրողներ հարց տուին, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը ի՞նչ փուլի մէջ է եւ Իրան որեւէ ձեւով կը խոչընդոտէ՞ զայն, թէ ոչ։ Նախագահը այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի մէջ այլեւս չենք փափաքիր հակամարտութիւն, կ՚ուզենք տեսնել անդորրութիւն եւ խաղաղութիւն։ Տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան հաստատումով բոլորը պիտի շահի»։
Ի շարունակութիւն՝ Էրտողան նշեց, որ Զանգեզուրի անցուղին միայն Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ցամաքային կապ մը չէ, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ վրայով դէպի թրքական աշխարհ նոր համարկման ուղղութիւն մըն է։ Այս անցուղիի ժամ առաջ բացուիլը պիտի ամրապնդէ Կովկասի հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի ենթակառուցուածքները։ «Կ՚ակնկալենք, թէ մեր հարեւան Իրանն ալ աջակցի այս քայլերուն, որոնք պիտի ծառայեն մեր տարածաշրջանէն ներս անդորրութեան, խաղաղութեան ու զարգացման։ Ճիշդը ըսելու համար՝ մենք կը փափաքինք, որ անոնք ալ օգտուին այս «շահէ-շահէ»ի կլիմայէն։ Իւրաքանչիւր քայլ, բացուած իւրաքանչիւր դուռ, միջանցք թէ՛ տնտեսական շահ պիտի ապահովէ եւ թէ ժամանակի ընթացքին մեր երկիրները իրարու աւելի պիտի մօտեցնէ», եզրափակեց Էրտողան։