14+1 ԿԷՏԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Ուաշինկթընեան համաձայնութեան 14 կէտերը պէտք է իրաւագիտական ուսումնասիրութեան ենթարկել՝ նկատելու համար այն բաց կարելիութիւնները, որոնք Իսրայէլին առիթ կու տան իր զօրքերը չհեռացնելու Լիբանանի ինքնիշխան տարածքներէն:

2-րդ կէտի ձեւակերպումը յստակ կը նշէ Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափման մասին, երբ կը հաստատէ, որ Լիբանանի զինեալ ուժերը պիտի տարածեն պետութեան արդիւնաւէտ իշխանութիւնը ամբողջ երկրի տարածքին, ոչ-պետական զինեալ խմբաւորումներու զինաթափման եւ անոնց ենթակառոյցներու կազմաքանդման ստուգումէն ետք:

Ըստ այս կէտին՝ Լիբանանի բանակը ո՛չ թէ Դիմադրութեան դիրքեր պիտի ստանձնէ հանգրուանային ձեւով, այլ պիտի տեղակայուի ոչ-պետական զինեալ ուժերու (իմա՝ «Հիզպուլլահ»ի) ամբողջական զինաթափումէն ետք:

Այս ամբողջական զինաթափումն ու ենթակառոյցներու կազմաքանդումը Իսրայէլի ուժերու հեռացումին զուգահեռ կշռոյթով պիտի չըլլայ՝ դարձեալ նոյն կէտին համաձայն: Այնտեղ կը հաստատուի, որ Իսրայէլի ուժերը աստիճանաբար պիտի վերատեղակայուին Լիբանանի տարածքէն դուրս: Հոս աստիճանաբար է, հոն՝ Լիբանանի բանակի տեղակայումը պայմանաւորուած է Դիմադրութեան ամբողջական զինաթափումով եւ համակարգի կազմաքանդումով:

Այս կէտին մէջ դարձեալ մեկնաբանելի բաժին մը կայ: Խառն, ոչ-յստակ, հետեւաբար, շահարկելի եզրաբանութիւն մը կայ: Լիբանանէն դուրս տեղակայումը սկզբունքով կը նշանակէ Իսրայէլի ուժերու հեռացում: Հեռացում (withdrawel) չէ, որ կ՚օգտագործուի այստեղ, այլ վերատեղակայում (redeployment): Երկրորդը կրնայ վերաբերիլ միեւնոյն կարգավիճակը ունեցող տարածքի վրայ դիրքափոխումներու, մինչ առաջինը յստակ կ՚ենթադրէ վերահսկողութեան տակ առած ինքնիշխան տարածքէ մը հեռացում, որ համազօր է ապագրաւումին (deoccupation): Այս վերջինը կրնայ նաեւ վերահսկողութեան տակ յանձնուիլ երրորդ ուժի մը: Այլ յղացք է ոչ ոքի տարածքը (no man’s land) կամ ապառազմականացուած (demilitarized) գօտին:

Այս եզրաբանութենէն ընտրուած է վերատեղակայումը, որ մտահոգիչ է: Կը հասկցուի այնպէս, որ փորձառական շրջանը կրնայ Իսրայէլի ուժերը մէկ դիրքէն միւսը առաջնորդել՝ վերատեղակայման համաձայնութեան հիման վրայ, անվերջ յետաձգելով Լիբանանի հողերէն ամբողջական հեռացումը: «Լիբանանի տարածքէն դուրս»ը այս պարագային փրկող եզր չէ՝ նկատի ունենալով, որ չէ կայացած տակաւին Իսրայէլ-Լիբանան սահմանազատումը: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան տարածքային խնդիրներուն կամ նոյնիսկ ներխուժման գործողութիւններուն՝ վառ օրինակ մըն է այս պարագային: Մանաւանդ, որ զինաթափման բացարձակութեամբ չ՚ամրագրուիր բռնագրաւող ուժին հեռացումը:

Իսրայէլեան աղբիւրներ կը խօսին չբացայայտուած յաւելուածային կէտի մը մասին, որ անվտանգութեան հարցերու բնոյթ ունի: Հրապարակումները այդ մասին կը շեշտեն եռակողմանի՝ Լիբանան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ ձեւաչափով գործող դրութեան մը մասին, որ պիտի իրականացնէ զինաթափում-տեղակայումներ գործողութիւնները: Ըստ այդ անպաշտօն բացայայտումներուն՝ Իսրայէլի ուժերը կրնան վերադառնալ իրենց դիրքերը, եթէ երաշխիք չունենան, որ Լիբանանի ուժերը կարողականութիւնը չունին իրենցմէ ակնկալուած առաքելութիւնը իրականացնելու: Ակնկալութիւնը կը ճշդեն ԱՄՆ-ն ու Իսրայէլը, որոնք նաեւ այս պայմանով կը ճշդեն Իսրայէլի ուժերու վերադիրքաւորումի անհրաժեշտութիւնը:

Խաղաղութեան առաջնորդելիք որեւէ նախնական համաձայնութիւն, նշուած բոլոր կէտերուն առընթեր եւ անոնցմէ առաջ պէտք է արձանագրէ՝

- Հրադադարի ամրագրումն ու երաշխաւորումը,

- Բռնագրաւող կողմի ուժերուն անյապաղ հեռացումը գերիշխան տարածքներէն,

- Երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ որեւէ ոտնձգութեան բացառումը:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026