ՆՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Յստակ չէ տակաւին, թէ ինչ լուծումներու մասին պիտի խօսին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Ճիշդ է, անշուշտ, որ այս ամիս Սպիտակ տան փակ սենեակներուն մէջ քննարկումի նիւթ պիտի դառնան Մերձաւոր Արեւելքի վերջին զարգացումները եւ յատկապէս՝ այն նոր իրականութիւնը, որ երեւելի դարձաւ Կազզէի մէջ։

Ի դէպ, 27 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր գրաւման ենթարկուած Կազզէն այսօր նոր իրավիճակ կը պարզէ։ Պաղեստինեան «Համաս» շարժումի կատարած եւ ««Ալ Աքսա»ի հեղեղ» անուանուած գործողութեան ի պատասխան՝ Իսրայէլի կառավարութիւնը որոշած էր ո՛չ միայն «Համաս»ը ոչնչացնել, այլեւ Կազզէն դարձնել անբնակելի տարածք։ Նոյն առումով որոշ պատգամներով հանդէս եկած էր Թրամփ, որու վարչակազմը մեծ ջանքեր գործադրած էր, որպէսզի Կազզէի մէջ հրադադար մը հաստատուի։ Ան կը նշէր, որ Կազզէ երկար ժամանակէ ի վեր դժոխային վիճակի մը մէջ էր։ Թրամփի նշումները պատահական չէին, այդ յայտարարութիւնները կը կատարուէին այն պահուն, երբ հազարաւոր պաղեստինցիներ՝ անտեսելով ամէն տեսակ դժուարութիւն, կը վերադառնային դէպի իրենց հողերը՝ տուն-տեղ ստուգելու, իրավիճակին մօտէն ծանօթանալու, բայց նաեւ իրենց կեանքը այնտեղ, այդ հողին վրայ շարունակելու համար։ Ստեղծուած պատկերը՝ մանաւանդ մարդկային հեղեղը, ո՛չ միայն Իսրայէլի, այլեւ ԱՄՆ-ի համար անսպասելի էր։

Իսրայէլի վրայ ուշադիր հայեացքով մը յստակ կը դառնայ, որ Նեթանիյահուի կառավարութիւնը հանգիստ վիճակ մը չունի։ Արդարեւ, որեւէ պահ կրնայ փուլ գալ, բաց աստի, Իսրայէլի աջակողմեան հիմնական բանբերները սկսած են «Համաս»ի հետ կնքուած հրադադարի համաձայնութիւնը մեծ հաշուով պարտութիւն համարել։ Այդ առումով ցնցող յայտարարութիւն մը կատարած էր նախկին նախարար Իթամար պին Կաւիր, որ «X» հարթակին վրայ գրառումով մը՝ ուղղակիօրէն Նեթանիյահուին պատասխանելով կ՚ըսէր. «Սա ո՛չ թէ ամբողջական յաղթանակ է, այլ ամբողջական պարտութիւն»։ Պին Կաւիր Իսրայէլի տասնեակ այլ գործիչներու նման մեծ զարմանք ապրած էր ի տես այն տեսարանին, որ պարզուած էր պաղեստինցիներու «հեղեղային» կերպով դէպի Կազզէ վերադարձով։

Անշուշտ, քիչ չեն այն վերլուծաբանները, որոնք ամիսներ առաջ զգուշացուցած են, որ եթէ հրադադար մը հաստատուի եւ «Համաս» շարունակէ ներկայութիւն մնալ Կազզէի մէջ, ապա ընթացք պիտի առնեն ներքին խմորումներ, որոնք կրնան Նեթանիյահուն դարձեալ «տուն» ուղարկել, գործող կառավարութիւնը հասցնելով արագօրէն հրաժարական տալու ստիպողութեան։ Սա, անշուշտ, կրնայ շատ սուղ արժել Նեթանիյահուին, որ կրնայ ո՛չ միայն իր քաղաքական մահագրութեան առաջին տողերը գրել, այլեւ վերստին կանգնիլ Թել Աւիւի դատարաններուն առջեւ։

Այս բոլորը առաւելաբար հաշուի առնելով՝ Թրամփ բացայայտօրէն սկսաւ խօսիլ պաղեստինցիներու Կազզէէն կամովին հեռանալու այլընտրանքներուն մասին։ Ան այս առումով հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլահ Բ. թագաւորին եւ Եգիպտոսի նախագահ Էլ Սիսի հետ, սակայն, չկարողացաւ յաջողութեան մը հասնիլ։ Թրամփի վարչախումբը, որ ամէն կերպով պիտի փորձէ օգնել Նեթանիյահուի վտանգուած կառավարութեան, այս առումով մտահոգուելու լուրջ պատճառներ ունի։ Արաբական աշխարհը ու մանաւանդ՝ Եգիպտոսն ու Յորդանանը, որոնք մեծ հաշուով պաղեստինցիներու հաւանական տեղափոխման գլխաւոր ուղղութիւնները կրնան համարուիլ, ո՛չ միայն քաջալերուած չեն ԱՄՆ-ի այս ծրագրով, այլեւ բացարձակապէս կը մերժեն որեւէ խօսք լսել Կազզէն իր բնակիչներէն դատարկելու գաղափարներուն մասին։ Հետեւաբար, եթէ այդ առումով որեւէ շարժ չըլլայ ու պաղեստինցինք իրենց արիւնած վէրքին վրայ աղ թափելու գնով եւ ատամները կրճտելու կամքով եթէ յաջողին յառաջիկայ մի քանի ամիսներուն առանց նոր պատերազմի մը դիմակայելու շարունակել իրենց կեանքը Կազզէի մէջ, ապա սա ապահովաբար յաղթանակ մը ըլլայ անոնց համար. յաղթանակ՝ հակառակ բոլոր կորուստներուն, մահուան աւերին ու զրկանքներուն։

Ներկայ փուլին գնդակը կը գտնուի Իսրայէլի խաղադաշտին մէջ։ Արդեօք «Համաս»ի մօտ մնացած վերջին գերիներու վերադարձէն ետք, ի՞նչ վիճակի պիտի մատնուի Իսրայէլի փողոցը։ Հասարակութիւնը, որ մեծ դժգոհութիւն ունի Նեթանիյահուէն, պիտի համակերպի՞ այս նոր իրականութեան կամ ոչ։ Եւ աւելի՛ն, «Համաս»ի երեւելի նոր ներկայութեան մասին առաջին նշոյլներուն հետ պիտի մտածէ՞, թէ «արդէն այս պատերազմը ի զուր էր»։

Եթէ պատերազմը ի զուր էր եւ «Համաս» կարողանայ իր ներկայութիւնը անգամ մը եւս փաստել ու ցոյց տալ աշխարհին, թէ ինչքան խորն են իր արմատները Կազզէի մէջ, ապա այդ մէկը մեծ ցնցումներու պատճառ պիտի դառնայ՝ այս անգամ, սակայն, ո՛չ թէ Կազզէի, այլ Թել Աւիւի փողոցներուն մէջ։ Գերիներու վերադարձէն բացի, Նեթանիյահու պէտք ունի նոր խաղաթուղթերու եւ զանոնք անկարելի է ամրագրել առանց քաղաքական համաձայնութիւններու։ Այո՛, Կազզէն փլատակ է, այո՛, պաղեստինցիք վիրաւոր են, բայց, անոնց համար ժամանակի գործօնը շատ աւելի նպաստաւոր է՝ քան Նեթանիյահուն եւ անոր կառավարութիւնը։ Ինչքան ժամանակ անցնի՝ այդքան աւելի պիտի շեշտուի, որ պատերազմի եւ արեան ու կրակի ճամբով Իսրայէլ պիտի չկարողանայ փակել Կազզէի այս էջը ու անոր համար խնդիրը միայն Պաղեստինի հակամարտութեան հարցը չէ, այլեւ Նեթանիյահուի նման վրիպած եւ մեծ սխալներով առաջնորդուած ղեկավարի մը գոյութիւնն է։ Անոր քաղաքական ապագան այսօր լրջօրէն վտանգուած է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 31, 2025