ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Էլիզէի պալատէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը։ Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան՝ տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերը։ Փաշինեան եւ Մաքրոն հերթական անգամ ընգծեցին, որ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութիւնը ունի ռազմավարական նշանակութիւն։ Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու համար հետեւողական քայլերը այս ուղղութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ քննարկուեցան տարածաշրջանային նշանակութեամբ հարցեր։ Ֆրանսացի ղեկավարը հերթական անգամ շնորհաւորեց Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումը։ Ան շեշտեց ֆրանսական կողմի անվերապահ աջակցութիւնը՝ հայկական իշխանութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման ի նպաստ։ Կարծիքներ փոխանակուեցան TRIPP նախագիծի եւ տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման ուղղեալ քայլերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ ձեռնարկուած քայլերու ընթացքին։

Փաշինեան եւ Մաքրոն շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան ապագայ զարգացման վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կարեւորեցին Երեւան-Պրիւքսէլ գործակցութեան նոր օրակարգով յարաբերութիւններու հետեւողական ընդլայնումը։ 

Միւս կողմէ, Փարիզի Խաղաղութեան 8-րդ ֆորումի շրջանակներէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումն ու ցամաքային սահմանի բացումը ընդամէնը ժամանակի հարց են։ Արդարեւ, այժմ որեւէ էական  խոչընդոտ չկայ։ Ֆորումի «Առաջնորդութեան խաչմերուկներուն» խորագրեալ քննարկման ժամանակ վարչապետը յայտնեց, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին, սակայն, այլ խնդիր մըն է, թէ ե՞րբ եւ որքա՞ն արագ։ «Կը հաւատամ, թէ այդ պահը կը մօտենայ», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ կու գայ այն հանգրուանը, ուր երկու երկիրները կ՚ըլլան բնականոն հարեւաններ, կ՚ունենան լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւններ, բաց սահմաններ, տնտեսական ու քաղաքական համագործակցութիւն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2025