ԲԱՑՈՒԻԼ ԱՇԽԱՐՀԱՐԻՆ
 Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը։ Անգարա-Պերլին առանցքին վրայ փոխանակուեցան դրական պատգամներ։ Թուրքիա-Գերմանիա բարձր մակարդակի բանակցութիւնները, երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգին առընթեր, Եւրոմիութեան վերաբերեալ ծալքեր ալ ունեցան։ Երկու երկիրները կը նախատեսեն արդէն երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 60 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնել՝ այժմու 50 միլիառ տոլարի փոխարէն։

Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան բարձր արարողակարգով դիմաւորեց Մերցը։ Առանձնազրոյցէն վերջ, անոնք գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Տեղի ունեցաւ նաեւ մամլոյ ասուլիս։
Մերց Անգարայի մէջ դիտել տուաւ, որ Գերմանիա կը փափաքի Թուրքիան տեսնել Եւրոմիութեան մէջ եւ այս բանին ճանապարհը կ՚անցնի Քոփենհակի չափանիշներէն։ Իր կարգին, Էրտողան ըսաւ. «Թուրքիոյ մէջ այսպիսի մօտեցումներու առումով հանգիստ ենք։ Քոփենհակի չափանիշները մեր տեսակէտէ չեն ենթադրեր ժխտական մօտեցման գործընթաց մը։ Ասոր փոխարէն, մենք ունինք նաեւ Անգարայի մեր չափանիշները։ Մենք դէպի Եւրոպա եւ աշխարհ կը բացուինք Անգարայի չափանիշներով։ Արդարեւ, Թուրքիա Եւրոպայի կամ Ասիոյ սովորական երկիրներէն մին չէ»։
Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան եւ Մերց հակադիր մօտեցումներ արտայայտեցին Կազզէի պատերազմին շուրջ։ Երբ հիւր վարչապետը պնդեց, թէ Իսրայէլ ինքնապաշտպանութիւն կատարած է, Էրտողան պատասխանեց. «Աւելի քան 60 հազար երեխայ, կանայք ու տարեցներ այստեղ մահացան։ Իսրայէլ երէկ երեկոյեան դարձեալ ռմբակոծեց Կազզէն։ Գերմանիան չի հետեւի՞ր այս բոլորին»։
Մերց Անգարայի մէջ խօսեցաւ նաեւ կողմերու միջեւ ռազմավարական նոր համագործակցութեան մը խմորման շուրջ՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիա եւ Գերմանիա նոյնանման շահեր ունին՝ ըլլալով ՆԱԹՕ-ի դաշնակից։