ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԴԷՊԻ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Ամերիկա։ Այս ուղեւորութեան առաջին փուլին ան այցելեց Արժանթին։ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Պուէնոս Այրէսէն անցաւ Մոնթեվիտէօ, ուր մասնակցեցաւ Ուրուկուայի նորընտիր նախագահ Ժամանտու Օրսիի երդման հանդիսաւոր արարողութեան։ Օրսիի պաշտօնամուտին առթիւ, Ուրուկուայի նախագահական պալատին մէջ Խաչատուրեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ իր պաշտօնակցին հետ։

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Մոնթեվիտէոյի մէջ առիթն ունեցաւ զրուցելու նաեւ Օրսիի երդման արարողութեան մասնակից միջազգային բարձրաստիճան հիւրերուն հետ, որոնց շարքին էին Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. թագաւորը, Գերմանիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր եւ այլն։ Այս զրոյցներուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային եւ համաշխարհային անցուդարձերու, միջազգային իրադարձութիւններու միտումներու եւ առկայ մարտահրաւէրներու ու անոնց կանխարգիլման ուղիներու որոնման շուրջ։

Ուղեւորութեան ընթացքին Խաչատուրեանի ընկերակից պատուիրակութեան մէջ էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025