ՆՈՅՆ ԿԷՏԻՆ ՎՐԱՅ…

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Եւրոպայի անվտանգութիւնը անկարելի է պատկերացնել՝ առանց Թուրքիոյ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա կը շարունակէ իր ռազմավարական առաջնահերթութիւնը համարել Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալը։ «Վերջին իրադարձութիւնները անգամ մը եւս ի յայտ բերած են Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։ Հետզհետէ աւելի անհնար կը դառնայ Եւրոպայի՝ որպէս համաշխարհային դերակատար յարատեւելը, եթէ Թուրքիա արդար ձեւով չգտնէ իր տեղը անոր մէջ։ Եւրոպացի մեր բարեկամներէն կ՚ակնկալենք այս իրողութեան հետ առերեսուիլ եւ մեր լիիրաւ անդամակցութեան գործընթացը զարգացնել», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Երէկ երեկոյեան, Էրտողանի հովանաւորութեամբ, ԱՔ կուսակցութեան համագումարներու կեդրոնին մէջ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան մը՝ Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու ղեկավարներուն համար։ Այս պաշտօնական ընթրիքին հրաւիրուած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ մայրաքաղաք։ Երեկոյթի սկիզբին Նորին Ամենապատուութիւնը ձեռնուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին հետ։ Անգարա ուղեւորութեան ընթացքին իրեն ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Նախագահ Էրտողան այս հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին։ «Թուրքիա ջանքերը խտացուցած է Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան եւ բարգաւաճման համար, Հայաստանի հետ կը զարգացնէ բնականոնացման գործընթացը ու կը սպասէ Հայաստան-Ատրպէյճան վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման», ըսաւ Էրտողան, ինչ որ, ըստ երեւոյթին, կը նշանակէ, թէ ամէն ինչ նոյն կէտին վրայ կը գտնուի։

Նախագահը երեկոյթի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի կարգաւորման հեռանկարներուն։ Իր խօսքով՝ Անգարայի համոզմամբ հաւանական լուծումը պէտք է ընդգրկէ թէ՛ Մոսկուան եւ թէ Քիեւը։ Միայն այս ձեւով հնարաւոր է արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն մը։ «Այս բանին ճանապարհն է բանակցային գործընթաց մը, որուն մէջ երկու կողմերն ալ պիտի ներկայացուին», ըսաւ ան ու կրկնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ պաշտպանել Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025