ԵՐԵՒԱՆՆ ՈՒ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքը կը շարունակէ մնալ բանուկ։ Երէկ, Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, եւրոպացի պաշտօնատարի շփումներու ծիրէն ներս շօշափուեցան տարածաշրջանային հարցեր։

Մակտալենա Կրոնօ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։ Փաշինեան-Կրոնօ զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին շուրջ։ Անոնք մասնաւորապէս կանգ առին Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին վրայ։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բովանդակութեան համաձայնեցուած ըլլալը։ Վարչապետը ընդգծեց հայկական կողմի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին։ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը կարեւորեց այդ փաստաթուղթին ստորագրումը՝ համոզուած ըլլալով, թէ սա կը նպաստէ տարածաշրջանէ ներս երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման։ Կողմերը անդրադարձան Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն։ Այս ամբողջին մէջ շօշափուեցան ԵՄ-ի օժանդակութեամբ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման վերաբերեալ հարցեր։

Միրզոյեան-Կրոնօ հանդիպման ընթացքին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման կապակցութեամբ, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման բաղադրիչին։ Նախարարը այս կէտին վրայ վկայակոչեց հայկական կողմի յստակ առաջարկները, որոնք կառուցուած են միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ։ Արարատ Միրզոյեան եւ Մակտալենա Կրոնօ քննարկեցին նաեւ մարդասիրական բնոյթով հարցեր՝ ներառեալ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու վերադարձի խնդրին հասցէագրումն ու անյայտ կորսուածներու ճակատագրին պարզուիլը։

Արմէն Գրիգորեանն ալ Մակտալենա Կրոնոյի հետ զրուցելու ընթացքին շեշտեց՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը շուտափոյթ ստորագրելու ուղղեալ հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը, ինչ որ տարածաշրջանը պիտի ուղղորդէ դէպի յարատեւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն։

Միւս կողմէ, Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին նախընթաց օր ընդունուեցան ԵՄ-ի ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան խաղաղութեան եւ ԵՄ-ի ընդհանուր անվտանգութեան ու պաշտպանական քաղաքականութեան վերաբերեալ տարեկան զեկոյցները, որոնց մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 4, 2025