ՆՈՐՈՎԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Անգարայի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններու ձիւնահալը կը ցոլանայ նաեւ տնտեսութեան բնագաւառին վրայ։ Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն Բարձր մակարդակի տնտեսական երկխօսութեան ժողովը։ Վեց տարուայ ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ կազմակերպուեցաւ այս ձեւաչափով հանդիպում մը։ Թուրքիան ներկայացուց պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք։ Բանակցութիւններու մասնակից ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին Եւրոյանձնաժողովի տնտեսութեան կոմիսար Վալտիս Տոմպրովսքիս եւ ընդլայնման կոմիսար Մարթա Քոս։ Երկխօսութեան այս ժողովը, որուն յաջորդը Թուրքիոյ մէջ պիտի կազմակերպուի, կարեւոր նշանակութիւն ունի կողմերու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան խորացման առումով։ Երէկուան բանակցութիւններու ընթացքին փոխադարձ ըմբռնում ձեւաւորուեցաւ, որպէսզի համագործակցութիւնը զարգացուի։ Նախարար Շիմշէք տեղեկացուց, որ Պրիւքսէլի քննարկումները ծաւալուած են շատ շինիչ մթնոլորտի մը մէջ։
Թուրքիա եւ ԵՄ այս փուլին ալ կանգ առին Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներու Շենկենի գօտի մուտքի արտօնութիւններու դիւրացման հարցերուն վրայ։ Եւրոպակեդրոն միջազգային ելմտական կառոյցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու խորացման հարցերն ալ արժեւորուեցան բանակցութիւններու ընթացքին։
Մեհմէտ Շիմշէք Պրիւքսէլ մեկնելէ առաջ յայտնած էր, որ երրորդ երկիրներէ ներս համատեղ ծրագրերու զարգացումն ալ կարեւոր հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութեան տեսանկիւնէն։ «Պաշտպանութեան, ուժանիւթի, արտադրական արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան բնագաւառները ներառեալ՝ ընդարձակ գետնի մը վրայ մեր հնարաւորութիւններով պատրաստակամ ենք ամուր համագործակցութիւններու», ըսած էր նախարարը «Անատոլու» գործակալութեան։