ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ երկխօսութեան բարձր մակարդակը կը պահպանուի։ Լաւրով պատգամ մը հրապարակեց Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման տարեդարձին առթիւ։ Ան շեշտեց, որ երկու երկիրները կը յաջողին պահպանել քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակ մը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին հասցէագրուած պատգամին մէջ Լաւրով նշեց հետեւեալը. «Հակառակ ռուս-հայկական դաշինքը դուրսէն խարխլելու փորձերուն՝ մենք յաջողած ենք պահպանել քաղաքական երկխօսութեան եւ դիւանագիտական համակարգման բարձր մակարդակ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ ընդհանուր համարկման տարածքի ձեւաչափով մեծցնել առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը»։ Ըստ Լաւրովի՝ Ռուսաստան պատրաստ է շարունակել համատեղ աշխատանքը՝ նպատակ ունենալով ապագային խորացնել եւ բարելաւել գործընկերութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ ի շահ երկու երկիրներու քաղաքացիներու եւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման։ «Հիմնուելով հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու ընդհանրութեան, միջոլորտային ու մարդասիրական շփումներու աւանդական հզօրութեան վրայ՝ Ռուսաստան եւ Հայաստան մշակած են ամուր իրաւական դաշտ մը, կառուցած են բազմակողմանի, հաւասար, փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւններ», նշուած է Լաւրովի պատգամին մէջ։
Իր կարգին, Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզինն ալ յայտնեց, որ Հայաստանի հետ օրակարգի բոլոր հարցերը կը քննարկուին անկեղծ ու բաց։ Բարձրաստիճան դիւանագէտը նշեց, որ Երեւան եւ Մոսկուա դաշնակից են ու ռազմավարական գործընկեր։ Հետեւաբար երկկողմանի օրակարգի ընթացիկ բոլոր հարցերը կը քննարկուին վստահութեան մթնոլորտի մէջ։
Քանի մը օր առաջ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարած էր, որ Մոսկուա կը պարտաւորուի Երեւանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու ամբողջ համալիրը վերատեսութեան ենթարկել, եթէ Հայաստան որոշէ ընթանալ դէպի Եւրոմիութիւն։
ԹԵՀՐԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ
Մինչ այդ, տարածաշրջանի ազդու դերակատարներէն Իրանն ալ կը շարունակէ հետեւողական պատգամներով հանդէս գալ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստելու, որպէսզի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուի նախատեսուած խաղաղութեան պայմանագիրը։ Դեսպանը աւելցուց, որ Թեհրան ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։
ԱՆԳԱՐԱ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ
Անգարայի ղեկավարութիւնն ալ անդրդուելի յառաջ կը տանի Հարաւային Կովկասի իր քաղաքականութիւնը։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նախընթաց օր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոյի հետ Փարիզի մէջ անդրադարձած էր Հարաւային Կովկասի իրադրութեան՝ ընդգծելով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը։
Այս հանդիպման զուգահեռ Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում մը ունեցաւ Էլիզէի պալատի դիւանագիտական խորհրդական Էմմանիւէլ Պոնի հետ։ Հանդիպման ընթացքին նշուեցաւ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բովանդակութիւնը համաձայնեցուած ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին ստորագրումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար։
Արման Խաչատրեան եւ Էմմանիւէլ Պոն անդրադարձան նաեւ աշխարհաքաղաքական արդի այլ նիւթերու՝ ներառեալ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։