ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵՑ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐԸ
Երէկ, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ այս առթիւ կարեւոր երաշխիքներ տուաւ դաշնակիցներուն։ Հաւաքին ներկայ էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Սա Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան օրօք ամերիկեան կողմի եւ Հիւսիս Ատլանտեան ուխտի միջեւ առաջին շփումն էր։ Մարքօ Ռուպիօ դաշնակիցները վստահեցուց, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՆԱԹՕ-ին դէմ չէ։ Ան բացայայտօրէն շեշտեց, որ Սպիտակ տունը կը խրախուսէ ՆԱԹՕ-ն եւ ԱՄՆ պիտի շարունակէ մնալ անոր մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ռուպիօ խնդրեց, որ դաշնակիցները զոհողութիւններ ընեն եւ պաշտպանական ծախսերը հասցնեն 5 տոկոսի։ Ռուպիոյի խօսքով՝ համաշխարհային եւ ամերիկեան մետիային մէջ չափազանցութիւններ տեղ կը գտնեն՝ ԱՄՆ-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն շուրջ։ «Միակ ճանապարհը, որով ՆԱԹՕ-ն կրնայ դառնալ աւելի ուժեղ եւ աւելի կենսունակ, մեր գործընկերներու, պետութիւններու աւելի մեծ կարողութիւն ունենալն է՝ այս կարեւոր դաշինքի կազմէն ներս», ըսաւ Ռուպիօ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ռուպիօ շեշտեց, որ Եւրոպայի սրտին վրայ լայնածաւալ պատերազմը կը վկայէ, թէ կոշտ ուժը տակաւին անհրաժեշտ է՝ որպէս զսպման միջոց։
Հաքան Ֆիտան Պրիւքսէլի հաւաքի ընթացքին փոխանցեց Անգարայի պատգամը, ըստ որու՝ Եւրոպայի անվտանգութեան գծով ՆԱԹՕ-ի հիմնական դերակատարութիւնը պէտք չէ տկարանայ։ Նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ նպաստել Եւրո-ատլանտեան անվտանգութեան եւ համապատասխան գործընթացներու բնական տարրն է։ Ան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Բացի Մարքօ Ռուպիոյէն, Հաքան Ֆիտան Պրիւսքէլի մէջ զրուցեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Երափեթրիտիսի, Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրի Սիպիհայի եւ այլ պաշտօնակիցներուն հետ։
Իր կարգին, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէն ալ դիտել տուաւ, որ դաշինքին առջեւ ծառացած են համաշխարհային անվտանգութեան սպառնալիքներ, որոնք հետզհետէ աւելի փոխկապակցուած կը դառնան, իսկ Ռուսաստանով պայմանաւորուած սպառնալիքը պիտի շարունակուի տակաւին երկար տարիներ։ Ան ընդգծեց, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ եւրոպական երկիրները վերջերս պարտաւորութիւն ստանձնած են ապահովել պաշտպանական ծախսերու ամենամեծ աճը Պաղ պատերազմի աւարտէն ի վեր։ Յամենայնդէպս, Ռութէի խօսքով՝ պէտք է ընել աւելին, ինչ որ կը պահանջէ ԱՄՆ։
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԷՆ ՊԱՏԳԱՄ
Միւս կողմէ, Արաբական ծոցի երկիրները ՆԱԹՕ-ի հաւաքին հետ նոյն օրը տեղեկացուցին, որ կը հրաժարին Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի հաւանական յարձակումներուն հարթակ ըլլալէ։ Այսպէս, Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քաթարն ու Քուէյթը թոյլ պիտի չտան, որպէսզի ԱՄՆ-ի ռազմաօդանաւերը Իրանի վրայ յարձակելու համար օգտագործեն իրենց տարածքները՝ ներառեալ օդային մարզը։ Իսկ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իր կարծիքով՝ Թեհրան համաձայն է Ուաշինկթընի հետ ուղիղ բանակցութիւններու։