ՇՐՋԱՆԻ ՄԸ ՀԱՇՈՒԵԿՇԻՌԸ

«Ange» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է՝ յայտնի դերասանուհի եւ թատրոնի նուիրեալ Անի Իփէքքայայի յուշերու գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Tiyatrocu Olmak Mı Olmamak Mı?»: Շահեկան գիրք մըն է այս մէկը, որ իսկապէս անգնահատելի արժէք մը կը ներկայացնէ՝ հրաշալի վկայութիւններով, դէպքերու եւ դէմքերու վերյիշումով: Անի Իփէքքայայի գրիչէն այս բոլորը կը բիւրեղանայ զանազան երեսակներով՝ ժամանակաշրջանի մը հաշուեկշռի ձեւաչափին մէջ: 

Շաբաթավերջին, «Ange» հրատարակչատան կողմէ գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած այս գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մէջ, «NOAH» մշակոյթի եւ գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ: Գինեձօնի հաւաքոյթը անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ՝ մանաւանդ, որ համախմբուած էին Անի Իփէքքայայի բազմամեայ բարեկամները եւ արուեստի համակիրները: Մեր համայնքէն ալ բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ Անի Իփէքքայայի համակիրներ մասնակցեցան ձեռնարկին, որ Անի Իփէքքայայի համար մեծարանքի հանդիսութեան մը համազօր էր: Արդարեւ, այս նոր գիրքով մեծանուն արուեստագիտուհին գեղարուեստական աշխարհին կը ներկայանայ որպէս հեղինակ՝ իր հիւթեղ ոճով ու փոխանցելու, նաեւ արտայայտուելու բարձր կարողութիւններով, որոնք յաւելեալ ձգողականութիւն մը կու տան այս գործին: Շնորհանդէսի ընթացքին «Ange»ի եւ «NOAH»ի պատասխանատուները ողջունեցին Անի Իփէքքայան եւ բոլոր ներկաները: Աւելի վերջ Իփէքքայա արտասանեց ողջոյնի խօսք մը եւ պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Այս ամբողջին մէջ ան երկարաշունչ բանաձեւումներով բացատրեց, թէ թատրոնի, գեղարուեստի կալուածէն ներս ինչպէս առած էր իր առաջին քայլերը: Տասնամեակներու վրայ տարածուած յուշերը շատ յատկանշական էին, մանաւանդ, որ Անի Իփէքքայայի մանկութիւնը անցած էր Պաքըրգիւղի մէջ. թաղամաս մը, որու անցեալը կը բոնորոշուի այնտեղ խտացուած հայերու ներկայութեամբ: 

Անմիջական այս մթնոլորտին մէջ, հարցում-պատասխանի աւարտին, Անի Իփէքքայան ներկաներուն համար մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ: Հուսկ, բոլորը հերթական անգամ իրենց հիացմունքն ու գնահատանքը արտայայտեցին համակրելի արուեստագիտուհիին նկատմամբ՝ մաղթելով, որ անոր կորովը ըլլայ անսպառ:

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2026