ԱՌԱՋԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ամուր նախընթացներու վրայ յառաջ կը տանի միջազգային հեղինակաւոր բարձրագոյն ուսման այլ հաստատութիւններու հետ իր բազմակողմանի համագործակցութիւնը։ Այսպէս, Հայկազեան համալսարանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սեմֆորտի համալսարանի միջեւ տարիէ մը ի վեր սկիզբ առած է՝ յառաջացած մակարդակի ընկերային ծառայութեան ծրագիրը։ Այս նախաձեռնութիւնը արդէն կու տայ իր ողջունելի պտուղները։ Արդարեւ, ծրագրի առաջին շրջանաւարտները վերջերս հանդիսաւոր արարողութեամբ մը ստացան իրենց վկայականները։
Հայկազեան համալսարանէն ներս կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն աջակցած էր Պէյրութի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը։ Լիբանան-ԱՄՆ Ընկերային ծառայութեան համագործակցութեան (LASWC) ծրագրին մաս կազմած է սոյն նախաձեռնութիւնը։ Շրջանաւարտութեան արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան՝ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան, Պէյրութի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութենէն Էվլին Կերիթի եւ Էլի Ֆերնայնի, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր։
Հարկ է նշել, որ յիշեալ ծրագիրը ունի 28 շրջանաւարտ։