ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ, ԻՐԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՑԱՆՑԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՎՐԱՅ Կ՚ԱՇԽԱՏԻՆ

Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ աշխատանքներ կը տարուին՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հիւսիս-հարաւ ուղղութիւնը, որու կատարելագործման եւ այլընտրանքներու ձեւաւորման խնդիրները միշտ կը մնան այս երեք երկիրներու օրակարգին վրայ։ Կը հաղորդուի, որ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները մօտաւոր ապագային ժողով մը պիտի գումարեն՝ նախարարներու գլխաւորութեամբ։ Երկաթուղիներու ցանցի կատարելագործման ծրագիրներ պիտի քննարկուին այս բանակցութիւններու ընթացքին։

Միւս կողմէ, սոյն եռակողմանի ժամանադրութեան ընդառաջ, Թեհրանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Պաքուէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ Թեհրանի մէջ ընդունուեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Հաճիեւի հետ զրուցելու ընթացքին Փեզեշքիան վերահաստատեց՝ տարածաշրջանէն ներս սահմաններու փոփոխութեան անընդունելիութիւնը։

Բաց աստի, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստան, Ատրպէյճան, Ռումանիա եւ Հունգարիա ուժանիւթի նոր ընկերութիւն մը հիմնեցին։ Միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է այս քառակողմանի ձեւաչափին մէջ Հարաւային Կովկասէն դէպի Եւրոպա ուժանիւթի տարանցման կազմակերպումը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025