ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ առաջարկեց, որ պաղեստինցիները լքեն Կազզէն։
Երէկ, Տանըլտ Թրամփ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սպիտակ տան երդիքին տակ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ, երկու ղեկավարները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Տանըլտ Թրամփ կրկնեց իր աղմկայարոյց առաջարկը, որ վերջին շրջանին միջազգային բեմահարթակի վրայ աղմուկ յառաջացուցած է։
Թրամփի պաշտօնավարութեան նոր շրջանին Ուաշինկթըն հրաւիրուած առաջին ղեկավարը եղած է Պենիամին Նեթանիյահու, որու այցելութեան օրակարգին վրայ կը գտնուին տարածաշրջանային կարեւոր նիւթեր՝ մանաւանդ Իրանի հիւլէական ծրագիրը։ Իսրայէլ վերջին շրջանին ազդանշաններ կու տայ, որ կը ձգտի Իրանի միջուկային կառոյցները ոչնչացնել, եթէ այդ խնդրին վերաբերեալ բանակցութիւնները տապալին։
Նեթանիյահուի Ուաշինկթըն այցելութեան ընդառաջ Պաղտատէն ալ հնչեց կարեւոր յայտարարութիւն մը, ըստ որու՝ ԱՄՆ-ի ուժերը մինչեւ տարեվերջ պիտի աւարտեն Իրաքի մէջ իրենց առաքելութիւնը։