ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՏԼԱՆՏԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱՁԵՒԵՑ ԱՄՆ-Ի ՆՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ դէպի Ուաշինկթըն աշխատանքային այցելութիւնը։ Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ պատուիրակութիւն մը հիւրընկալելու առընթեր, այցելեց նաեւ Ատլանտեան խորհուրդ։ Փաշինեան քոնկրէսականներուն հետ քննարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացը եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ խնդիրները։ Ան խօսեցաւ նաեւ Երեւան-Ուաշինկթըն ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հեռանկարներուն շուրջ։

Ատլանտեան խորհուրդի հանդիպման ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ կային շատ-շատ նուրբ նիւթեր, որոնց յաղթահարումը կարելի եղաւ։ Փաշինեանի խօսքով՝ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը արդէն հասանելի է եւ գուցէ ԱՄՆ-ի նոր ղեկավարութեան կողմէ այս ուղղութեամբ գործադրուելիք ջանքերը ըլլան արդիւնաւէտ։

Ուաշինկթընի մէջ Փաշինեան մասնակցեցաւ նաեւ «Save Armenia»ի կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին ալ ըսաւ. «Պէտք է կեդրոնանանք այնպիսի օրակարգի մը վրայ, որ ապագայի համար հեռանկար կը բանայ»։

Ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ Ուաշինկթընի հայկական դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց նաեւ հետեւեալը. «Մենք պէտք է հարեւաններու միջավայրի մէջ ապրելու հնարաւորութիւն ունենանք՝ առանց արտաքին օգնութեան կամ միջամտութեան»։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 5, 2025