ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ԵՐԿՈՒ ՌԱԶՄԱԽԱՐԻՍԽ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ
Միջազգային առկայ նուրբ իրավիճակին մէջ Թուրքիոյ դիւանագիտական երթեւեկը դարձեալ խտացած է զանազան ուղղութիւններով։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ էլ Շարան, իսկ այսօր կ՚ընդունի Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրը։ Միեւնոյն ժամանակ, նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պետր Ապտուլաթիի հետ։
Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան Էլ Շարայի հետ տեսակցեցաւ՝ իր կողքին ունենալով արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն ու ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալընը։ Էլ Շարան ալ Անգարա այցելութենէն առաջ մեկնած էր Ռիատ, ուր տեսակցած էր Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելմանի հետ։
Նախագահ Էրտողան Էլ Շարայի հետ հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ հետ զօրակցութեան մէջ պիտի մնայ եւ այսպէսով այս հասարակաց աշխարհագրութեան մէջ պիտի տիրապետէ անդորրութեան կլիմայ մը, ուրկէ կը բացակայի ահաբեկչութիւնը։ Իր կարգին, Էլ Շարան ալ նշեց, որ Սուրիա կը ձգտի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները խոր ռազմավարական համագործակցութեան մը վերածելու։
Միջազգային աղբիւրները՝ մանաւանդ «Ռէօյթըրզ» գործակալութիւնը այս այցելութիւնը անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին։ Հաղորդումներուն մէջ կը նշուի, որ Թուրքիա կրնայ ռազմախարիսխներ հաստատել Սուրիոյ մէջ՝ մանաւանդ օդային մարզը վերահսկելու առաջադրութեամբ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ ռազմավարական համագործակցութեան համաձայնագիր մը կը մշակուի երկու երկիրներուն միջեւ, իսկ մինչ այդ փոխըմբռնում գոյացած է, որպէսզի թուրք զինեալ ուժերը առաջին հերթին երկու ռազմակայան ունենան Սուրիոյ տարածքին։
Միւս կողմէ, Շթայնմայէրն ալ այսօր Անգարայի մէջ Էրտողանի հետ կը քննարկէ տարածաշրջանային հարցեր։ Վերլուծաբանները կը նշեն, որ Շթայնմայէրի Թուրքիա այցելութիւնը կը համընկնի այսպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Գերմանիոյ հաւասարակշռութիւնները որոշ չափով խախտուած են եւ այս առումով այդ երկիրը կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ: