ՓՈԽԱՆՑՈՒՄ
Թէեւ յաջողութիւնը շատ յարաբերական ու ենթակայական է, սակայն, ընդհանուր առմամբ, շատ բարձր կը դասուին այն գործերը, որոնք սակաւաթիւ մարդոց կողմէ գլուխ կը հանուին կամ կրնան հանուիլ։ Ստեղծագործական կամ մտաւոր արտադրութիւնը, մարմնամարզի մրցանիշները վեհ կը համարուին՝ մանաւանդ, որ գլուխ գործոցները կ՚առանձնանան միջակութիւններէն։ Ինչ խօսք, երբեմն հիացումին ու նախանձին ճանապարհներն ալ կրնան խաչաձեւուիլ։
Մարդ միշտ կը զմայլի հանճարներու, կ՚ուզէ ըլլալ աննման ու անկրկնելի։ Փափաքը, այո՛, փափա՛ք, բայց եւ այնպէս, ամբողջ հասարակական կարգը կ՚ենթադրէ չափանիշներ սահմանել ու անոնց նկատմամբ հնազանդութիւն ապահովել։ Յամենայնդէպս, այդ չափանիշները շարքային մարդոց համար են. իւրաքանչիւրը շատ յարգելի, իր հերթին։
Ամբողջ նրբութիւնը մարդու ինքնադրսեւորման ձեւին, ոճին ու որակին մէջ է։ Հանճարը բոլոր չափանիշներէն դուրս է, չ՚ենթարկուիր անոնց՝ նոյնիսկ ընդհանուրի լուռ հաւանութեամբ։ Գուցէ շատ ալ հեռուները երթալու պէտք չկայ՝ բացառութիւններուն ներթափանցելու համար։
«Արուեստը մանկական փորձառութիւններու չափահասութեան փոխանցումն է», կ՚ըսէ Ֆրէօյտ։
Միթէ դիւրի՞ն են կեանքի մէջ հարթ փոխանցումները, այլ խօսքով՝ հանճարի գործ…