ՅԱՐԱՏԵՒ ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի կեդրոնին բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին՝ ի պաշտպանութիւն Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու։ Ցուցարարները կը կուտակուին ինչպէս Հայաստանի գլխաւոր պետական շէնքերուն, այնպէս ալ միջազգային հիմնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցչութիւններուն առջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հերթական անգամ անդրադարձաւ այս հարցին։ Իր խօսքով՝ Հայաստան բոլոր բանակցութիւններուն՝ ներառեալ Ատրպէյճանի հետ կազմակերպուածները, օրակարգի վրայ կը բերէ այս խնդիրը։ Վարչապետը համոզուած է, թէ հասարակութեան զգացական պահանջները հասկնալի են։ Ըստ իրեն՝ Երեւանի ղեկավարութիւնը այս հարցին շուրջ կու տայ յստակ գնահատականներ։

Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանն ալ երէկ այս խնդիրները արծարծեց՝ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին։ Ան եւս կրկնեց, որ երկրի իշխանութիւնները միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ կը բարձրաձայնեն այս հարցը։ Երեւանի ղեկավարութիւնը շահագրգռուած է Արցախի ռազմաքաղաքական վերնախաւի վերադարձի հարցով։ «Վստահ չեմ, թէ որեւէ միջազգային դատարան կամ գործիչ կրնայ համարել, որ Պաքուի «դատավարութիւնը» իրաւական ուժ ունի», նշեց Ալէն Սիմոնեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025