ՍԻՆԱՆԵԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Երուսաղէմի հայ համայնքը լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։

«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին Զարեհ Սինանեան անդրադարձաւ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Ան ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, մինչ այդ խնդիրներ կային Պատրիարքարանի տարածքներու անհասկնալի փոխանցման, այս մէկուն վերաբերեալ դատական գործերուն հետ։ Այսօր ալ կը տեսնենք, որ Երուսաղէմի քաղաքապետարանը 1980-ական թուականներէն սկսեալ հարկային պատասխանատուութիւններ ներկայացուցած է Պատրիարքարանին՝ պնդելով, որ չեն վճարուած կարգ մը հարկեր։ Կը պահանջեն կլոր գումար մը, որու չվճարման պարագային պիտի ըլլան յստակ հետեւանքներ։ Սա կը նշանակէ, որ այդ պարտքը, հաւանաբար, պէտք է մարուի գոյքի, տարածքի միջոցով, ինչ որ ճակատագրական կրնայ ըլլալ Երուսաղէմի հայկական ներկայութեան համար»։

Զարեհ Սինանեան յիշեցուց, որ Հայկական թաղամասը ձեռք բերուած է հայ բարերարներու՝ քանի մը հարիւրամեակի ընթացքին կատարած շռայլ ներդրումներու եւ ծանր ջանքերու շնորհիւ։ «Սա հսկայական առաւելութիւն է։ Հայերը կարողացած են ամբողջ թաղամաս մը ձեռք բերել եւ հիմա կանգնած ենք կորուստներ ունենալու վտանգի առջեւ։ Այդ խնդիրները, ի հարկէ, տեղւոյն վրայ կը յառաջանան, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած չեն, սակայն, նման պարագաներով յաճախ կը դիմեն մեր կառավարութեան, որպէսզի լուծումներ առաջարկուին», դիտել տուաւ յանձնակատարը։

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025