ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան մասնակցեցաւ՝ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՏՀԿ) 17-րդ գագաթաժողովին, որ Ատրպէյճանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ։ Որպէս հիւրընկալ երկրի ղեկավար՝ Իլհամ Ալիեւ մէկտեղուեցաւ Իրանի, Խրղըզիստանի, Փաքիստանի, Թուրքմենիստանի, Էօզպեքիստանի, Տաճիկիստանի, Ղազախիստանի եւ Աֆղանիստանի ղեկավարներուն հետ, նախագահ Էրտողանին առընթեր։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թաթարն ալ այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ՝ որպէս դիտորդ։

Նախագահ Էրտողան գագաթաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ ուշադրութիւն կեդրոնացուց այն հանգամանքին վրայ, թէ հաւաքը կազմակերպուած է բռնագրաւումէ ազատագրուած քաղաքի մը՝ Ստեփանակերտի մէջ։ Իր խօսքով՝ այս հանգամանքը տարբեր իմաստ մը վերագրած է սոյն գագաթաժողովին։ Ան մաղթեց, որ Իլհամ Ալիեւի տեսլականով վաղեմի քաղաքը դառնայ Կովկասէ ներս նոր զարգացման ու խաղաղութեան տեսակէտէ կեդրոն մը։ Էրտողան կանաչ ուժանիւթի եւ կլիմայի փոփոխութեան խնդիրներուն շուրջ թրքական կողմի տեսակէտները մանրամասն ներկայացնելու առընթեր՝ շեշտեց, որ Թուրքիա երբեք պիտի չհրաժարի Պաղեստինի դատէն։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ գագաթաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ առիւծի բաժինը յատկացուց Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն։ Կը հաղորդուի, որ Ալիեւի ելոյթին մէջ առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Այժմ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ Հայաստանէն արտաքսուած արեւմտեան ատրպէյճանցիներու վերադարձը»։ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս լրատուամիջոցներուն ցոլացան ուշագրաւ եւ հետաքրքրական դրուագներ։ Արդարեւ, քաղաքի հիմնական հրապարակին վրայ Էրտողան, Ալիեւ եւ Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆ հանդէս եկան շատ մտերմիկ դրուագներով։ Այս բոլորը առանձնակի ուշադրութեան առարկայ դարձաւ՝ նկատի ունենալով, որ Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ Ատրպէյճանի անմիջական զօրակիցները եղած էին Թուրքիան ու Փաքիստանը։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան գագաթաժողովի մասնակից պաշտօնակիցներուն հետ ալ ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ էր Էրտողանի տեսակցութիւնը Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։

Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ Ալիեւի հետ ալ ունեցաւ առանձնազրոյց մը, յայտնեց, որ Թուրքիա կը հետեւի Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացին։

Շաբաթ, Յուլիս 5, 2025