ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻ
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Մոսկուա զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը դիտարկէ՝ Ուաշինկթընի մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագիրը։ «Սա ներդրում մըն է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն ամրապնդելու ուղղութեամբ», յայտնեց ռուս փոխ-վարչապետը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ալեքսէյ Օվերչուք «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առեւտուրը զգալիօրէն նուազած է։ «Մենք կը սպասենք, որ տարեվերջին այդ առեւտուրը նախորդ տարուան բաղդատմամբ երկու անգամ նուազած պիտի ըլլայ։ Եթէ անցեալ տարի առեւտուրի ծաւալը կը կազմէր 12.4 միլիառ տոլար, ապա այս տարի պիտի ըլլայ 6 միլիառ տոլարի շուրջ, մի գուցէ քիչ մը աւելի շատ», ըսաւ Օվերչուք։
Միւս կողմէ, փոխ-վարչապետը յայտնեց, որ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները շատ լաւ կը զարգանան։