Չորեքշաբթի 10, Սեպտեմբեր 2025
ԿԱԶԶԷՆ ԵՒ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐԸ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոքը։ Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ընթացքին Սրբազան Պապը օրակարգի վրայ բերաւ Կազզէի առկայ ողբերգական իրավիճակը։ Վատիկանի աղբիւրները «Reuters» գործակալութեան տեղեկացուցին, որ Քահանայապետը Իսրայէլի նախագահին հետ արծարծած է այս խնդիրը։
Միեւնոյն ժամանակ, Հռոմի Պապը կոչ ուղղած է, որպէսզի Պաղեստինի «Համաս»ը ազատ արձակէ բոլոր պատանդները։ Ան վերահաստատած է Վատիկանի աջակցութիւնը՝ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան՝ երկու պետութիւններու հիմունքով լուծման ճանապարհին։
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2025