ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՆՊԱՏԱԿ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Կազզէի մէջ հրադադարի պահպանման ուղղութեամբ մեծ պատասխանատուութիւն կը վիճակի բոլորին։ Ան համոզուած է, թէ միջազգային հաւաքականութիւնը ջանք պէտք է գործադրէ, որպէսզի Պաղեստինի խնդիրը կարգաւորուի՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծմամբ։
Նախագահ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան պաշտօնակիցը դիմաւորեց հանդիսաւոր արարողակարգով։ Անոնք նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնք կազմակերպուած էին կէսօրուան ճաշի ձեւաչափին մէջ։ Հուսկ, նախագահները սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին թէ՛ Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն եւ թէ միջազգային հրատապ օրակարգի նիւթերուն շուրջ տուին կարեւոր պատգամներ։
Շթայնմայէր յայտարարեց, որ Անգարա եւ Պերլին ունին հասարակաց շահ մը, որն է այլեւս տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան հաստատուիլը։ «Այս ուղղութեամբ Թուրքիա շատ կարեւոր դերակատար մըն է», համոզուած է Շթայնմայէր։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Գերմանիոյ նախագահը միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ անընդունելի համարեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած Կազզէի յանձն առնուելուն եւ այնտեղի բնակիչ պաղեստինցիներու բռնութեամբ տեղահանման վերաբերեալ յայտարարութիւնները։ Իր խօսքով՝ Մերձաւոր Արեւելքի եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ շատ աշխոյժ շրջան մը կ՚ընթանայ։ Կազզէի մէջ որոշուած է հրադադար մը, պատանդներու ազատ արձակման ուղղութեամբ զարգացումներ կ՚արձանագրուին, Լիբանանի մէջ հրադադար հաստատուած է, Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի շրջանը աւարտած է եւ նոր սկիզբ մը խնդրոյ առարկայ է։
«Գերմանիան ու Թուրքիան այս բոլորը տարբեր դիտանկիւններէ, տարբեր պրիսմակներէ կը դիտեն, սակայն հասարակաց շահ մը ունինք եւ այդ ալ այլեւս տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան հաստատուիլն է։ Այս ուղղութեամբ Թուրքիա շատ կարեւոր դերակատար մըն է։ Հանրապետութեան նախագահին հետ համակարծիք ենք, թէ այս բոլոր լարուածութիւններուն դիմաց պարտաւոր ենք հնարաւորութիւնները արժեւորելու», ըսաւ Շթայնմայէր։