ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՀԾ-Ի ԱՌԱՋԻՆ ԶԵԿՈՅՑԸ

Յունուար 2025-ին լոյս տեսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան (ԱՀԾ) առաջին տարեկան զեկոյցը։ Սոյն ծառայութիւնը հիմնադրուած է 4 հոկտեմբեր 2023-ին. պետականաշինութեան էական անկիւնաքար մը, որու առաքելութիւնն է «պետութեան ու հասարակութեան սպառնացող արտաքին վտանգներու կանխատեսումը, կանխարգիլումը, հակազդումն ու պաշտպանութիւնը եւ քաղաքական որոշումներ կայացնողներուն վստահելի, արժանահաւատ եւ կիրարկելի հետախուզական տեղեկութիւններու տրամադրումը»։

Մինչեւ ԱՀԾ-ի հիմնադրութիւնը, Հայաստան կախեալ էր Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի հետախուզական ծառայութիւններէն, ինչ որ 2020-ի պատերազմին շատ ծանր հետեւանքներ ունեցաւ հայկական բանակին համար։ Գերագոյն հրամանատարութիւնը անտեղեակ էր Ալիեւի յարձակումի պատրաստութենէն, հայկական կողմը մեծ կորուստներ ունեցաւ յարձակումի առաջին ժամերուն։

Միջազգային քաղաքականութիւնը երթալով աւելի անկայուն դարձաւ, գիտութեան յառաջխաղացը, արհեստագիտութիւնն ու տեղեկատուական նորարար զէնքերը ստեղծեցին նոր տեսակի վտանգներ։

Այս մասին զեկոյցը կը նշէ. «Պետութիւններու ու հասարակութիւններու սպառնացող վտանգներն ու ռիսքերը աւելի ու աւելի բարդ, բազմաշերտ ու հիպրիտ դարձան»։

Յարգելով կարգ մը տեղեկութիւններ գաղտնի պահելու անհրաժեշտութիւնը, զեկոյցը կը բաղկանայ ներածականէ ու չորս մասերէ, ուր նշուած են պետութեան սպառնացող գլխաւոր վտանգները՝ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական ու միջազգային ահաբեկչական։

Ներածութիւնը կը նշէ 2024-ին ԱՄՆ-էն մինչեւ Եւրոպա, Ռուսաստանէն՝ Հնդկաստան, տեղի ունեցած ընտրութիւնները, որոնք ընդգրկած են աւելի քան 4 միլիառ հոգի։ Անոնց արդիւնքները փոխակերպած են միջազգային միջավայրը եւ պատճառ դարձած են աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու եւ անորոշութիւններու ծաւալման։

2023-2024 ժամանակաշրջանին նկատելի է պետութիւններու ու անոնց ղեկավարներու՝ խնդիրները քաղաքական եւ տնտեսական միջոցներով լուծելու փոխարէն ռազմական լուծումներ ընտրելու կողմնորոշումը։ Յատկապէս մղուած են պատերազմներ՝ հիմնուելով «պատմական ճշմարտութիւններու» մասին խօսոյթներու վրայ կամ պատճառաբանելով երկրի անվտանգութիւնը։ Կ՚ըսուի, թէ 2025-ին պիտի շարունակուի այս միտումը։ Ռազմական գործողութիւնները աւելի յաճախ պիտի ներգրաւեն միջնորդ, ոչ-պետական դերակատարներ։ Կը նշուի նաեւ, որ պաշտպանութիւնը պիտի դառնայ աւելի սուղ՝ քան յարձակումը։

Ռազմաքաղաքական վտանգներու քննարկման մէջ Անվտանգութեան ծառայութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ լայնածաւալ ռազմական յարձակման հաւանականութիւնը բարձր չի գնահատեր։ Այսուհանդերձ, կը նկատէ, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ տարբեր վնասակար խօսոյթներու հետեւողական զարգացումը եւ գանձատրումը՝ Հայաստանի դէմ ուժի կիրարկման մտադրութեան «օրինականացման» դրսեւորումն է։ Այդ խօսոյթներէն են այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ը, «Հայաստանի ռազմականացում»ը, «ռէօւանշիզմ»ը, «Զանգեզուրի միջանցք»ը։ Կը նշուի նաեւ, որ Ալիեւ պիտի շարունակէ աւելի շարժունակ ստորաբաժանումներու պատրաստութիւնը, նոր սպառազինութեան ձեռքբերումը՝ քաղաքական ու ռազմական ճնշում բանեցնելու համար։

Կը նշուի նաեւ, որ ի հեճուկս հիմնադիր պայմանագրային կարգաւորումներուն՝ ՀԱՊԿ պիտի շարունակէ մնալ անազդեցիկ Հարաւային Կովկասի մէջ։

Կը խօսուի նաեւ Հայաստանի «քրիթիք» (ռազմավարակա՞ն) ենթակառոյցներու ապահովութեան մասին՝ երկրին համար կը շարունակէ մնալ լուրջ մարտահրաւէր անոնց պաշտպանութիւնը սիպէր յարձակումներու դէմ, որոնք կրնան ունենալ տնտեսական, քաղաքական, հոգեբանական ու տեղեկատուական վնասակար ազդեցութիւն։

Տնտեսական վտանգներու գլուխին տակ կը նշուի, թէ 2025 թուականը նախընտրական տարի ըլլալով՝ Հայաստանի տնտեսական եւ հաղորդակցական միջոցներու կախուածութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի օգտագործուի՝ որպէս արտաքին քաղաքական ազդեցութեան գործիք։

Ինչ կը վերաբերի տեղեկատուական վտանգներուն, այս բնագաւառին նորարարութիւնները կը ստեղծեն հնարաւորութիւններ՝ ներքին քաղաքական կեանքին միջամտելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գործողութիւնները կողմնորոշելու։

ԱՀԾ-ի գնահատականով՝ 2025-ին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ տեղեկատուական գործողութիւնները ուղղուած պիտի ըլլան ներքին անկայունութեան յառաջացման եւ հասարակութեան բեւեռացման։

***

Ուշագրաւ ու մեծապէս ողջունելի է անցեալ երկու տարիներու ընթացքին կիներու կառավարական ու պետական բարձր պաշտօններու նշանակման երեւոյթը։ ԱՀԾ-ն կը ղեկավարէ Քրիստինէ Գրիգորեան։ Յիշենք բարձրաստիճան պաշտօններ վարող միւս կիներն ալ. Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազ Աննա Վարդապետեան, մարդկու իրաւանց պաշտպան Անահիտ Մանասեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան, ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025