ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՅՆ ԱՄՊԱԳՈՌԳՈՌ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՉԷ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԴՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերը կը համարուին՝ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի հարցի լուծման համար գործողութիւն։
Վերջին օրերուն հայկական հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ՝ Պաքուի մէջ ի պահ դրուած հայ գերիներու եւ պատանդներու վերադարձի խնդրին վրայ՝ ձեւական դատավարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ։ Ստեղծուած իրավիճակի պայմաններով Երեւանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերն ալ իրերայաջորդ կ՚անդրադառնան այս հարցին։
Վարչապետ Փաշինեան համոզուած է, թէ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերը յայտարարութիւններէն անդին կրնան ու մեծ հաւանականութեան պիտի նպաստեն խնդիրներու լուծման։ Վարչապետին խօսքով՝ հայկական կողմը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին, որովհետեւ խաղաղութեան մթնոլորտը պիտի ապահովէ այս եւ մնացեալ խնդիրներու լուծումը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց, որ կառավարութիւնը նախ եւ առաջ չվնասելու մօտեցումով կ՚առաջնորդուի իր գործունէութեան մէջ։ Կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանի ընթացքին Փաշինեան հերթական անգամ վստահեցուց, որ իշխանութիւնները բոլոր հարթութիւններու վրայ հետամուտ են այս նիւթին։
Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ խորհրդարանին մէջ յայտնեց, որ հայկական դիւանագիտութիւնը միայն ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով հետամուտ չէ գերիներու օր առաջ ազատ արձակման։