ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑ

Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը երէկ թեւակոխեց նոր հարթութիւն մը։ Այսպէս, պաշտօնապէս ի զօրու դարձաւ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուած՝ բնական կազմի ոլորտէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ սկսաւ շահագործուիլ՝ Իգդիր-Նախիջեւան բնական կազի խողովակաշարը։ Այս վերջինը յառաջիկայ երեսուն տարիներուն պիտի հոգայ Նախիջեւանի բնական կազի կարիքը եւ իբր այդ մատուցուեցաւ՝ որպէս երկու երկիրներու եղբայրութեան հերթական ապացոյցը։ Երկու նախագահները Պեշթեփէի համալիրէն տեսակապով մասնակցեցան խողովակաշարի գործարկման արարողութեան։

Նախագահ Էրտողան արարողութեան ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ամբողջական ներդաշնակութեան մէջ կը գտնուին։ «Թուրքիա եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան, անդորրութեան, բարգաւաճման կողմն են։ Մենք մեր տարածաշրջանէն ներս կ՚ուզենք միայն խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն։ Մենք կ՚ուզենք, որ բոլորով միասին զարգանանք։ Այս նպատակով ցարդ բազում քայլեր առինք, մեր անկեղծութիւնը ցոյց տուինք։ Առաջ Աստուած ապագային ալ տարածաշրջանային խաղաղութեան, բարգաւաճման ու անդորրութեան ուղղեալ ծրագիրները միասնաբար կեանքի կոչելու ուղղութեամբ վճռական ենք», ըսաւ Էրտողան։

Երէկ շահագործման յանձնուած խողովակաշարի կառուցումը սկսած էր 2023 թուականին։ Դաշտի վրայ անոր ծորակը բացին երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարները։

Հինգշաբթի, Մարտ 6, 2025