ՔՈՆՔԼԱՒԸ ՎԱՂԸ ԿԸ ՍԿՍԻ

Վատիկանի մէջ վաղը պիտի գումարուի Քոնքլաւը՝ ընտրելու համար Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետը։ Պապընտիր ժողովին 133 կարտինալ պիտի մասնակցի։ Ս. Աթոռի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Քոնքլաւի մասնակցելիք բոլոր 133 կարտինալները արդէն հասած են Հռոմ։

Նոր պապը պիտի ընտրուի, երբ Քոնքլաւի 133 անդամներու երկու երրորդէն առնուազն մէկ ձայն ապահովել յաջողի թեկնածուներէն մին։ Քոնքլաւի տեւողութեան ամէն օր տեղի կրնայ ունենալ քանի մը քուէարկութիւն։

Երեքշաբթի, Մայիս 6, 2025