ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՉԿԱՅ…

Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեանը մերժեց ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու դիմումները՝ ըստ այդմ անփոփոխ թողլով վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին (ԿԸՅ) կողմէ հրապարակուած որոշումը: 

Ընդդիմադիր ուժերը անցեալ ամսուայ սկիզբին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը վիճարկած էին բարձրագոյն դատարանի մօտ, սակայն, այդ դիմումը մնաց ապարդիւն: Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը համապատասխան վճիռը հրապարակեց՝ շաբաթավերջին տեղի ունեցած դատավարութենէն վերջ:

Դատավճիռը ընթերցուեցաւ Հայաստանի Սահմանդրական ատեանի նախագահ Արման Տիլանեանի կողմէ: 

Խորհրդարանական ընտրութենէն վերջ, 7 քաղաքական ուժ դիմած էր Սահմանադրական ատեան՝ վիճարկելով ընտրութիւններու արդիւնքները եւ պահանջելով անոնց անվաւեր ճանաչումը: Սահմանադրական ատեանը յունիսի 26-էն ի վեր գործի քննարկման մէջ կը գտնուէր: 

Շաբաթավերջին արձակուած դատավճիռով արդէն ընտրութիւններու պաշտօնապէս հրապարակուած արդիւնքները վերահաստատուեցան: Հայաստանի Ազգային ժողովի նոր կազմը պիտի բաղկանայ երեք քաղաքական ուժէ, որոնք են՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքները: Նոր խորհրդարանին մէջ «Քաղաքացիական պայմանգիր» կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 64 երեսփոխան, «Ուժեղ Հայաստան»ը՝ 29, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ 12:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026