ԿՐԵՏԷԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Յունաստանի Կրետէ կղզիի Ս. Յովհաննէս Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ բացուեցաւ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մէջ հայկական նիւթական ու ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը։ Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որ Կրետէ կղզիի եկեղեցւոյ բակին մէջ համախմբեց խումբ մը հիւրեր եւ հետաքրքիրներ։ Հայկական նիւթական ու ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան նուիրուած այս ցուցահանդէսի բացման մասնակցեցան դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Կրետէի եկեղեցւոյ տեսուչ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցիէն, Յունաստանի խորհրդարանէն եւ Կրետէ կղզիի տեղական ինքնակառավարման մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքէն դէմքներ եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու սպասաւորներ։

Ցուցահանդէսի բացման Տիգրան Մկրտչեան հակիրճ ներկայացուց Լոնտոնի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Վահէ Գրիգորեանի կողմէ նկարահանուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի նախապատմութիւնը։ Արդարեւ, աւելի քան 500 լուսանկարով եւ ընդարձակ նկարագրութեամբ, բազմալեզու հրատարակութեամբ Երեւանի մէջ աւելի առաջ երկու հատոր լոյս տեսած է՝ այս ցուցահանդէսով ներկայացուած գործերուն շուրջ։

Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութեան յաջորդեց հայկական ազգային տարազներով տիկնիկներու ցուցահանդէսի մը բացումը եւ անոնց ներկայացումը՝ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի կողմէ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025