ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ երէկ քննարկուեցան տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ երէկ փոխադարձ այցելութիւններ իրականացուցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքները։ Փոխ-վարչապետներուն կողմէ գլխաւորուած երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու այս քննարկումները յաջորդեցին անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրման։ Այդ փաստաթուղթերու տրամադրութիւններն ալ հաշուի առնելով՝ կողմերը քննարկեցին սահմանագծի համապատասխան հատուածներու, հատուածամասերու սահմանազատման եւ ականազերծման, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու վերականգնման ու կառուցման եւ անոնց իրականացման ժամկէտներու վերաբերեալ հարցեր։ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ներկայիս կ՚ընթանան հաղորդակցութիւններու ստեղծման ոլորտէ ներս գործողութիւններու համաժամանակեցման ուղղութեամբ։ 

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու՝ պատուիրակութիւններու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ 

Փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ շօշափուեցան նաեւ յաջորդ հանդիպման կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2025