ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՀՐԱԺԵՇՏ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ փառաշուք եւ յուզումնախառն յուղարկաւորութիւն մը, որով յաւերժութեան ճամբուեցաւ մեր համայնքէն լուսահոգի, նորոգ հանգուցեալ Պօղոս Սէյրեք։ Այս վերջինը մասնակցած էր Կիպրոսի պատերազմին եւ Թուրք զինեալ ուժերու շարքերէն ներս մատուցած հերոսական ծառայութիւններով արժանացած էր մարտիրոսի կոչման, նաեւ պարգեւատրուած՝ Անկախութեան շքանշանով։
Ողբացեալ Պօղոս Սէյրեքի յուղարկաւորութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ Պօղոս Սէյրեքի մարմնաւորած վեհ կերպարի կարեւորութեան եւ մեր համայնքի տեսակէտէ անոր մարմնաւորած հայրենսիրական արժէքներուն։ Հանդիսադիր հայր սուրբին կողքին էին բազմաթիւ քահանայ հայրեր։
Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան նաեւ թրքական բանակէն բազմաթիւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։ Թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ եւ թէ յաջորդացած թաղման կարգի ընթացքին լուսահոգի Պօղոս Սէյրեքի համար պետական-զինուորական արարողակարգ ալ գործադրուեցաւ։ Դագաղը ծածկուած էր դրօշակով եւ զինուորներ ուսամբարձ տեղափոխեցին զայն՝ խոր յարգանքի դրսեւորմամբ։
Հոգելոյս Պօղոս Սէյրեքի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։