«ԻՐԱՆ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՄԱՆ»
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարեց, որ իր երկիրը ըմբռնումով կը մօտենայ Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան դիտորդներու ներկայութեան։
Մեհտի Սոպհանի երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ տարածաշրջանի իրավիճակին շուրջ։
Ան համոզուած է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը նոր քայլ մըն է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին։ Միեւնոյն ժամանակ, Սոպհանի համոզուած է, թէ պէտք չէ թերագնահատուին Հայաստանի ինքնապաշտպանական հնարաւորութիւնները։ «Մենք միշտ յաջողած ենք Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները հեռու պահել ամէն կողմէ եկած ճնշումներու ազդեցութենէն», ըսաւ դեսպանը եւ աւելցուց, որ եկած է ժամանակը, որպէսզի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ, Արաքս գետի վրայով երկրորդ կամուրջի շինարարութեան ձեռնարկուի։
Դեսպան Սոպհանի ընդգծեց, որ Իրան բացարձակապէս դէմ է՝ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման համար ուժի կիրառման։ Իր խօսքով՝ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ը վնասակար է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Իրանի տեսակէտէ։ «Իրան տարածաշրջանի միակ երկիրն է, որ այսպէս կոչուած միջանցքի հարցին մէջ Հայաստանի հետ նոյն դիրքորոշումը ունի», ըսաւ Սոպհանի եւ աւելցուց, որ Թեհրան դէմ է որեւէ ճանապարհի, որ կը ներառնէ միջանցքի տրամաբանութիւն։
«Իրան կողմնակից է Հայաստանի տարածքէն ներս ճանապարհներու ապաշրջափակման, բայց որեւէ ճանապարհ, որ կը ներառնէ միջանցք, այդ բանին դէմ է», շեշտեց դեսպանը։