ՅԱՐԱՓՈՓՈԽ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒՄ

Մարտ 4-ին Հայաստան տօնեց Դիւանագէտի օրը։ Այս առթիւ Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն առջեւ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է. «Անզէն աչքով ալ նկատելի է, որ նախորդ շրջանը շատ աշխոյժ դիւանագիտական տարի եղած է։ Մենք կը հաստատենք նոր յարաբերութիւններ, որոնք նախապէս չենք ունեցած, մենք կը զարգացնենք եւ կը ճշգրտենք մեր նախապէս ունեցած յարաբերութիւնները եւ սա պէտք է դիտարկել հաւասարակշռուած՝ արտաքին քաղաքականութեան համածիրին մէջ։ Այդ հաւասարակշռումի առանցքային պատճառը Հայաստանի Հանրապետութեան հաւասարակշիռ վիճակը պահելու նպատակը ունի»։

Այս դիտարկումը որքան ալ ճիշդ ըլլայ՝ այսօր Հայաստանի առջեւ, եւ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ընդհանրապէս երկրագունդի բոլոր պետութիւններուն, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հաւասարակշռութիւն վերագտնելու խնդիր դրուած է՝ աշխարհի հզօրագոյն երկրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այդ յարաբերութիւններուն մէջ խաղի օրէնքը փոխելուն պատճառով։ Բնականաբար, բոլոր պետութիւնները իրարու հանդէպ վերադիրքաւորուելու, իրենց յարաբերութիւնները վերադասաւորելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուին։ Եւ զարմանալիօրէն այդ հարկադրանքը յատկապէս կը հարուածէ նախ եւ առաջ ԱՄՆ-ի դաշնակիցները՝ Եւրոպան, Ուքրայնան, Ճաբոնը, Հարաւային Քորէան… եւ վերջապէս՝ Հայաստանը, որ ԱՄՆ-ի հետ ռազմավարական գործընկերութեան դաշինք կնքեց Պայտընի իշխանութեան շրջանի աւարտին։

Ֆրանսա եւ Եւրոպա, որոնք ԱՄՆ-ի կողքին Հայաստանի անվտանգութեան հաւասարակշռութեան հաւասարումին մէջ կարեւոր յենարան կը հանդիսանան, անոնք եւս տագնապի մէջ են։ ԱՄՆ-ի կողմէ առեւտրային տուրքեր, հողային պահանջներ, ՆԱԹՕ-ի դաշնակցային պաշտպանական պարտաւորութենէ հրաժարում, դաշնակից պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտում, Ուքրայնայէն ռազմական օժանդակութեան զլացում, դաշնակից պետութիւններու ղեկավարներու բռնապետ հռչակում, փոխարէնը՝ Ուքրայնայի վրայ Ռուսաստանի յարձակման արդարացում։

Նախագահ Թրամփ իր իսկ ձեռքով կը քանդէ արեւմտեան պետութիւններու միջեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք ԱՄՆ-ի ստեղծած կարեւորագոյն ռազմական դաշինքը, որու անդամները սիրայօժար մաս կը կազմէին անոր՝ առանց որեւէ գերագոյն ուժի կողմէ պարտադրանքի։

ԱՄՆ-ի նախագահը, ժխտելով միջազգային օրէնքի գերակայութիւնը, արեւմտեան ժողովրդավար պետութիւններու համակեցութիւնը՝ ՆԱԹՕ-ն անգործութեան մատնելով կը հովանաւորէ բռնատիրական վարչակարգերը։

Նախագահ Թրամփի՝ միջազգային յարաբերութիւնները շուկայական մտայնութեամբ յանձանձման մէջ միակ բացառութիւնը կը կազմէ Իսրայէլը, որու հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները աւելի զօրացուցած է, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր անկայուն, խտրական, քմահաճ քաղաքական խաղը։

Բնականաբար, ժամանակի ընթացքին այս բոլորը մեծ հաւանականութեամբ աւարտի ի վնաս ԱՄՆ-ի բարգաւաճման ու հզօրութեան։ Ու եւրոպական պետութիւններու հակազդեցութիւնները ցոյց կու տան՝ ԱՄՆ-ի մեկուսացումը։ Տարիներէ ի վեր Ֆրանսա կը պահանջէր եւրոպական բանակի մը ստեղծումը, սակայն, ան կը բախէր ընդդիմութեան Գերմանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու, որոնք կառչած էին ԱՄՆ-ի պաշտպանական հովանոցին։ Բայց, երբ ԱՄՆ որոշեց առանձին վարել բանակցութիւններ Ռուսաստանի հետ՝ Ուքրայնայի պատերազմին զինադադար հաստատելու նպատակով, Եւրոպայի երկիրները հապճեպ փութացին Փարիզ՝ ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահի հրաւէրին, Էլիզէի պալատին մէջ Եւրոպայի ինքնապաշտպանութեան ժողով գումարելու։ Նոյնը ըրաւ Անգլիոյ վարչապետը՝ ԱՄՆ-ի նախագահին հետ ապարդիւն տեսակցութենէ մը ետք։

Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ նոր խաղի օրէնքը բնականաբար Հայաստանի դիւանագիտութիւնը կը ստիպէ հաւասարակշռութիւն գտնելու աշխատանք տանելու։ 2020-ի պատերազմէն ետք, Ռուսաստանի դաշնակցային պաշտպանական համակարգի անգործութեան դիմաց, ԱՄՆ-ի հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը Հայաստանի անվտանգութիւնը հաւասարակշռելու ազդեցիկ ուժ էր։ Սակայն, այսօր ստիպուած է վերանայելու իր հաշուարկները։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025