«ՎԱԶԳԷՆ. ՎԵՐՋԻՆ ՍՊԱՐԱՊԵՏԸ»

Երեւանի մէջ ցուցադրութեան դրուած է «Վազգէն. վերջին սպարապետը» ֆիլմը։ Մայրաքաղաքի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի համալիրէն ներս այս գործի առաջին ցուցադրութիւնը բնորոշուեցաւ հանդիսաւոր ու բացառիկ ձեռնարկով մը։ Երեկոյթի մասնակիցները կարմիր գորգի վրայով ընթանալով մուտք գործեցին շարժանկարի դահլիճը՝ մինչ առաջին ցուցադրութիւնը զուգադիպեցաւ նահատակ պետական գործիչ Վազգէն Սարգսեանի ծննդեան տարեդարձի օրուան։ Հանդիսատեսներու շարքին էին իր ընտանիքի անդամները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ժապաւէնին մէջ Վազգէն Սարգսեանը կը մարմնաւորէ դերասան Խորէն Լեւոնեան, որ իսկապէս յաջողութեամբ հանդէս եկած է այդ դերին մէջ։ Ողբացեալ Վազգէն Սարգսեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ այս ֆիլմին շուրջ հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ Խորէն Լեւոնեան հայրենիքի հասկացութիւնը բաղդատեց Աստուծոյ հետ։

Ուրբաթ, Մարտ 7, 2025